Յիշարժան եւ յուզումնալից երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ՝ «Կայծ» Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով։
Ալֆորվիլի POC մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ՝ շնորհիւ «Հաճըն, Եթէ Քեզ Մոռնանք» բացառիկ գեղարուեստական ներկայացումին։
Հայաստանէն ժամանած Հաճընի պարի համոյթը, իր 40 պարողներով եւ 8 երաժիշտներով, կենդանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ներկայացուց տպաւորիչ ելոյթ մը՝ հանդիսատեսին պարգեւելով անմոռանալի պահեր։
Այս յիշարժան ձեռնարկին կազմակերպիչները իրենց սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ աջակցութեամբ նպաստեցին երեկոյի յաջողութեան։
Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին եւ քաղաքապետ Լիւք Քարվունասին (Luc Carvounas), որ ներկայացուած էր Վիքթորիա Սիմոնեանի եւ Ֆրանս Պերնիշիի կողմէ՝ միութեան հանդէպ ցուցաբերուած շարունակական աջակցութեան համար։
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Խաչատրեանին, որ ներկայացուած էր Նազելի Խաչատրեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ Սերկէյ Ոսկանեանին՝ իրենց ներկայութեան համար։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Լիլիան Մանուկեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Ժիլպէր Լէոնեան, «Ֆրանսա–Մուսա Լեռ» միութեան պատուոյ նախագահ Ժան Քորտէլ եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գէորգ Սաչլեան։
Կազմակերպիչները իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին նաեւ բոլոր կամաւորներուն, արուեստագէտներուն եւ գործակիցներուն, որոնք իրենց նուիրեալ աշխատանքով նպաստեցին ձեռնարկին իրականացման։
Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն ուղղուեցաւ մեծաթիւ հանդիսատեսին, որ իր ջերմ ներկայութեամբ եւ խանդավառ ծափահարութիւններով ոգեւորեց ելոյթ ունեցողները եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեց POC մշակութային կեդրոնին մէջ։
«Մեր մշակոյթը կ՚ապրի մեր արմատներով», իսկ «Հայաստանը միշտ մեր սրտերուն մէջ է» կարգախօսները անգամ մը եւս ընդգծեցին երեկոյին խորհուրդը՝ հայկական մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան պահպանումն ու փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն։





