Կալանքը որպէս խափանման միջոց դատարան միջնորդութիւն ներկայացնելու նպատակով ձերբակալուած Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք ներկայացուած է պաշտօնի լիազօրութիւններու չարաշահման, առանձնապէս խոշոր չափերու
փողերու լուացման եւ առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառք ստանալու համար:
Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած են Հակափտածութեան Կոմիտէէն՝ նշելով, որ նոյն քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ ձերբակալուած Սեդրակ Քոչարեանին ալ մեղադրանք ներկայացուած է առանձնապէս խոշոր չափերու փողերու լուացման, ինչպէս նաեւ պաշտօնի լիազօրութիւններու չարաշահման ու առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառք ստանալուն օժանդակելու համար:
Հակափտածութեան Կոմիտէն մանրամասնութեամբ ներկայացուցած էր, թէ ինչ մեղադրանքներով կ’անցնին Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը:
Փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու դէպքերով քննուող քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ քանի մըտասնեակ հասցէներու մէջ կատարուած են խուզարկութիւններ եւ վարութային այլ գործողութիւններ:
Քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ ձերբակալուած է 6 անձ, այդ շարքին՝ նախկին նախագահը, անոր որդին եւ յանցաւոր կառուցուածքներու մէջ ներգրաւուած այլ անձեր։
Նախաքննութեամբ կ’ուսումնասիրուին նաեւ նախկին նախագահի որդիին անուամբ 2001-2019 թուականներու ընթացքին կատարուած՝ շուրջ 144 միլիառ դրամի, 309 միլիոն տոլարի, 77 միլիոն եւրոյի եւ 18 միլիոն ռուպլիի դրամական փոխանցումներու, ինչպէս նաեւ վարոյթին առնչուող անձերու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն պատկանող, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ գտնուող աւելի քան երեք տասնեակ անշարժ գոյքերու ձեռքբերման հանգամանքները։
Գոյքերու հնարաւոր փոխանցումը կամ օտարումը կանխելու նպատակով ձեռնարկուած են անոնց նկատմամբ արգելանք կիրառելուն ուղղուած համապատասխան գործողութիւններ։
Ռոպերթ Քոչարեանին ԱԱԾ աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ շտապօգնութեան մեքենայով Հակափտածութեան դատարանէն տեղափոխած են հիւանդանոց․ անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած է:

