Ռուսաստանի մէջ դադրեցուած է հայկական արտադրութեան աւելի քան 70 հազար շիշ խմելու ջուրի եւ կազաւորուած ըմպելիքներու վաճառքը:
Սահմանափակումները կիրառուած են «Ռոսպոտրեբնադզօրի» յանձնարարականով:
Կը նշուի, որ որոշումը ընդունուած է «արտադրանքին ներկայացուող պահանջներու խախտման պատճառով»:
«Ներկայիս «Ռոսպոտրեբնադզօրի» նշած խմբաքանակներու իրացումը արգիլուած է մանրածախ եւ առցանց վաճառքի համար մինչեւ անհրաժեշտ ստուգումներու աւարտը»,- մանրամասնած են հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսաստանը Մայիսի վերջէն պարբերաբար սահմանափակումներ կը կիրառէ Հայաստանէն շարք մը ապրանքատեսակներու մատակարարումներու նկատմամբ՝ ծաղիկներ, հանքային ջուր, ալքոհոլային արտադրանք, բանջարեղէն, միրգ, ձկնամթերք, կաթնամթերք եւ այլ ապրանքատեսակներ:
Ռուսական կողմը այդ որոշումները կը բացատրէ բուսասանիտարական պահանջներու խախտումներով:

