Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը պայմանաւորած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ։ Ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան այդ մասին յայտնած է «Haber Global» հեռուստաընկերութեան հետ հարցազրոյցին ընթացքին։
«Կ’ակնկալենք, որ Հայաստանի Սահմանադրութենէն հանուի Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային պահանջ ներկայացնող դրոյթը։ Հնչող ուղերձները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութեան ընդունման գործընթաց պիտի մեկնարկէ, որ կրնայ ուղեկցուիլ համազգային հանրաքուէով», – ըսած է Հաճիեւ։
Վերջինս նման հեռանկարի պարագային որեւէ խնդիր չէ տեսած Հայաստանի հետ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար, ինչպէս նաեւ նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ փաստացի խաղաղութիւն է։
Ատրպէյճանի հիմնական պահանջներէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է, որուն ներածութեան մէջ յղում կը կատարուի Անկախութեան հռչակագրին։ Այն իր հերթին կը հիմնուի Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի 1989 թուականի Դեկտեմբեր 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» համատեղ որոշման վրայ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս կը կարեւորէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը, սակայն միաժամանակ կը մատնանշէ, որ այն Հայաստանի ներքին հարցն է։
«Անկախութեան հռչակագրի խնդիրը եւ մեր Սահմանադրութեան խնդիրը մեր ներքին խնդիրն է, որովհետեւ ատիկա անհրաժեշտ է մեզի եւ ոչ թէ ուրիշներուն՝ մեզ աշխարհի մէջ ճիշդ դիրքաւորելու համար: Անկախութեան հռչակագիրը ոչ թէ անկախութեան հռչակագիր է, ատիկա հակամարտութեան հռչակագիր է, հետեւաբար կախուածութեան հռչակագիր է»,- այս տարուայ Մարտ 19-ին լրագրողներու հետ զրոյցին նշած էր Փաշինեան:

