Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետական Համակարգին Մէջ Աշխատելու Համար Ստացուած Է 1141 Յայտ. 459 Թեկնածու Անցած Է Երկրորդ Փուլ

Պետական Համակարգին Մէջ Աշխատելու Համար Ստացուած Է 1141 Յայտ. 459 Թեկնածու Անցած Է Երկրորդ Փուլ

by MassisPost

Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ աշխատելու նպատակով առաջատար համալսարաններու շրջանաւարտներէն ստացուած է ընդհանուր 1141 յայտ: Իր ֆէյսպուքեան գրառմամբ այդ մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ամփոփելով Յունիսի կէսերուն կատարուած հրաւէրին արդիւնքները։

Ըստ ներկայացուած վիճակագրութեան՝ նախնական ընտրութեան արդիւնքով 459 թեկնածու կամ դիմորդներու շուրջ 40 տոկոսը անցած է երկրորդ փուլ։ Թեկնածուներուն միջին տարիքը 34 է։

Փաշինեան կը կարծէ, որ նախաձեռնութիւնը արժանացած է մեծ հետաքրքրութեան: Յաջորդիւ հարցազրոյցներու եւ մասնագիտական գնահատման արդիւնքներու հիման վրայ պիտի ձեւաւորուի կառավարութեան քատրային պանք: Ընդգրկուած թեկնածուներուն կրթութիւնը, աշխատանքային փորձն ու մասնագիտական հմտութիւնները պիտի համադրուին պետական համակարգի կարիքներուն հետ։

Փաշինեան նաեւ յաւելած է, որ ծրագրի շրջանակներուն մէջ արդէն իսկ կան յստակ որոշումներ նշանակումներու վերաբերեալ։

«Պիտի արձանագրեմ, որ այսօր արդէն մի շարք դիմումատուների բարձր պաշտօններում նշանակելու որոշում եմ կայացրել, եւ առաջիկայում կը տեսնէք այդ որոշումների տէ իւրէ իրագործումը»,- յայտնած է կառավարութեան ղեկավարը։

Քատրային պանքին մէջ ընդգրկուած միւս թեկնածուներուն յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին եւս կրնան առաջարկուիլ աշխատանքի հնարաւորութիւններ պետական կառավարման համակարգին մէջ կամ համագործակցութեան այլ ձեւաչափեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment