Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռօշեանը երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ:
ՀՀ Քննչական Կոմիտէէն «Հայկական Ժամանակ»-ին յայտնեցին, որ քրէական վարոյթի ծիրին մէջ երկու անձի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանքը:
Թեմի առաջնորդէն զատ՝ մէկ ամիսով կալանաւորուած է նաեւ դիւանապետը:
Միջնորդութիւնը քննարկուեցաւ Երեւան քաղաքի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Կեդրոնի նստավայրին մէջ:
Քննչական Կոմիտէն մանրամասնութիւններ յայտնած էր, թէ ինչու ձերբակալուած են հոգեւորականները՝ հրապարակելով լուսանկարներ:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 15-ին Արագածոտնի թեմին մէջ իրաւապահները գործողութիւններ իրականացուցած էին: Կատարուած երկու տասնեակէ աւելի խուզարկութիւններու բերումով յայտնաբերուած եւ վերցուած են քրէական վարոյթի համար նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթեր, ելեկտրոնային տեղեկատուութիւն պարունակող կրիչներ, առանձնապէս մեծ չափերով գումար, ոսկյայ, արծաթեայ մեծաքանակ զարդեր, շարք մը առեւտրային կազմակերպութիւններու անուամբ տրուած բազմաթիւ վառելիքի կտրօններ, այլ իրեր ու առարկաներ:
Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գարեգին Արսէնեանը մէկ ամիսով կալանաւորուած է։

