«Մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կախուած է Հայաստանէն»:
Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով՝ յաւելելով, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի հիմնական կէտերը համաձայնեցուած են, բայց դեռեւս կան կարեւոր կէտեր, որոնք պէտք է համաձայնեցուին։
Պայրամովի խօսքով՝ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող COP29 կլիմայական համաժողովի ներառականութիւնը ապահովելու համար Ատրպէյճանը հրաւէր ուղարկած է Հայաստանին:
«Չնայած այն հանգամանքին, որ Հայաստանէն քանի մը ներկայացուցիչներ արձանագրուած էին համաժողովին մասնակցելու համար, անոնք չեն եկած։ Մենք կը կարծենք, որ սա անոնց համար բաց թողնուած հնարաւորութիւն է»,- ըսած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ ղեկավարը։

