Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի տուեալներով Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական վերջին յարձակման պատճառով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զոհերուն թիւը 431 է: Արցախի պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:
«Այո՛, մենք ունեցանք զոհեր, մեր հակառակորդը ունեցաւ աւելի շատ զոհեր: Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է պաշտպանենք` թէկուզ զոհուելով: Կարծում եմ, Ատրպէյճանի յարձակումը մի քանի նպատակ է ունեցել` առաւելագոյն եւ նուազագոյն: Առաւեթագոյն նպատակը եղել է հնարաւորինս շատ տարածքային առաւելութիւն ունենալը, իսկ նուազագոյնը` ստուգել, տեսնել հայկական բանակի մարտունակութիւնը: Այն փաստը, որ Ատրպէյճանը հէնց առաջին ժամերին յայտարարեց, որ 70 զոհ ունի, խօսում է նրա մասին, որ իրենց զոհերի թիւը շատ աւելի շատ է: Իմ տուեալներով` նրանց զոհերի քանակը 431 է», ըսաւ Սիմոնեան:
Հայաստանի իշխանութիւնները մշտապէս առաջարկած են, որ Արցախը պէտք է ներգրաւուած ըլլայ եւ ներգրաւուած է բոլոր քննարկումներու եւ հարցերուն մէջ, ըսաւ Ալէն Սիմոնեան:
«Մենք Արցախին առաջարկում ենք այն, ինչ-որ առաջարկել ենք մշտապէս` Արցախը ինքնուրոյն պէտք է ներգրաւուած լինի եւ ներգրաւուած է բոլոր քննարկումների ու հարցերի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը միեւնոյն ժամանակ պէտք է առաւելագոյն ներգրաւուած լինի այդ խօսակցութիւնների մէջ», ըսաւ Սիմոնեան:
Արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան, թէ երբ կը փափաքին եւ ինչպէս կը փափաքին կը բանակցեն Արցախի հետ` Ալէն Սիմոնեան նշեց, որ մինչ օրս եղած են շատ հարցեր, որ Ատրպէյճանը քննարկած է եւ բանակցած է Արցախի իշխանութիւններուն հետ:
«Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանը գտնւում է մշտական կապի մէջ Արցախի օրինական իշխանութիւնների հետ շատ հարցերում: Նոյնիսկ լինում են դէպքեր, որ Արցախի իշխանութիւնները տեղեկութեան առումով աւելի շատ են տեղեկացուած լինում, քան մենք: Բնական է, որ հարեւան երկրի ղեկավարութիւնը պէտք է այլ ձեւակերպումներ տայ` Ստեփանակերտի տեղը ատրպէյճանական անուանում ասի եւ այլն, եւ այլն: Ես խնդրում եմ դիտարկել դա այդ տրամաբանութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, յիշենք բանակցային գործընթացը չի աւարտուել, որեւէ փաստաթուղթ, որի վրայ կարող ենք յղում անել, գոյութիւն չունի: Բնական է, ամէն մի կողմ իր տեսլականը եւ իր պատկերացումը ներկայացնում է», եզրափակեց Սիմոնեան: