Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի Միջոցառում Մոնթեվիտէոյի «Արմէնիա» Հրապարակին Վրայ

Ցեղասպանութեան 109-րդ Տարելիցի Միջոցառում Մոնթեվիտէոյի «Արմէնիա» Հրապարակին Վրայ

by MassisPost

Ապրիլի 24-ին, Մոնթեվիտէոյի «Արմէնիա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառում: Ուրուկուահայ Բազմամիութենական  Կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացած միջոցառման ծիրէն ներս ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար` Մարիամ Գէորգեանը եւ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Փոլ Սեյտրէն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Ուրուկուայի կառավարութեան ու ժողովուրդին` Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ առաջամարտիկ հանդիսանալու եւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատուած հայերուն ընդունելու համար, Մ. Գէորէեան ընդգծեց, որ Ուրուկուայը բոլոր դժուարին պահերուն մշտապէս եղած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին:

 

Ֆրանսայի դեսպանը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ֆրանսան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնած առաջին երկիրներէն է եւ օրէնքով ճանաչցած է այն: Բարձր գնահատելով հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը դեսպանը վստահեցուց, որ այն պիտի շարունակուի ամրապնդուիլ եւ   Ֆրանսան այսուհետեւ եւս անվերապահօրէն պիտի աջակցի Հայաստանին: Ֆրանսայի դեսպանը նաեւ մէջբերեց Հայաստանի մասին աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի խօսքերէն: Ան իր ելոյթին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Միսակ եւ Մելինէ Մանուշեաններուն եւ անոնց  կեանքի կարեւոր դրուագներուն:

Բազմամիութենական Կազմակերպութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ՍԴՀԿ Ուրուկուայի Վարիչ Մարմինի փոխատենապետուհի ընկերուհի` Լաուրա Ասլանեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայ ժողովրդի նկատմամբ կը շարունակուի մինչ այսօր, որուն վառ ապացոյն է արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ցեղային զտումն ու բռնի տեղահանումը, որ միջազգային հանրութիւնը չկանխեց:

 

Ընկերուհի Ասլանեան կոչ ըրաւ հայութեան  ինքնաքնադատաբար մօտենալ հարցերուն` հասկանալու համար, թէ որոն՞ք են մեր սխալներն ու բացթողումները, շեշտելով սփիւռքի դերակատարումը այս հարցով: «Արդեօ՞ք տեղին է եւ օրինական, որ արտասահմանէն կը փորձեն սասանել Հայոց պետականութեան կայունութիւնը եւ քաղաքական շահեր հետապնդել, երբ պետութեան ապագան  վտանգի մէջ է: Մեր մօտեցումն այն է, որ աւելի քան երբեւէ սփիւռքը պէտք է կանգնի Հայոց պետութեան կողքին, որուն գլխաւոր պահանջը պէտք է ըլլայ պետութեան հզօրացումն ու  ժողովրդավարական մարմիներու հանդէպ յարգանքը», յայտարարեց ընկերուհի Լաուրա Ասլանեան:

Միջոցառման շրջանակին մէջ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանի որոշմամբ բացուցաւ յուշատախտակ` ի պատիւ Անթօնիոյ Ռուբէնեանի, որ հանդիսացած է «Հայաստան» հրապարակի հիմնական նախաձեռնողը եւ ռատիօ «Արմէնիա»-ի հիմնադիր տնօրէնը շուրջ 58 տարի:

Միջոցառման ներկայ էին Ուրուկուայի արտաքին յարաբերութիւններու նախարարի տեղակալ Նիկոլաս Ալպերթոնին, Զբօսաշրջութեան նախարար Էտուարտօ Սանկինետտին, Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Սունինոն, Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Խօսէ Լուիս Սաջեանը, եւ շարք մը խորհրդարանականներ եւ քաղաքական-հասարակական gործիչներ, օտարերկրեայ դեսպաններ, դպրոցականներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան` Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեանի գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները աղօթեցին նահատակներու յիշատակի համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment