Հալէպահայութեան համար ընդհանրապէս եւ Կիլիկեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքին համար մասնաւորապէս պատմական օր մըն էր Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ 2024-ը, հովանաւորութեամբ Դամասկոսի Հայոցի Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ . Արմաշ Ս. Եպս Նալպանտեանին,եւ աջակցութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակին եւ Հոլանտիոյ Միացիալ Եկեղեցիներու Կազմակերպութեամբ, ի ներկայութեամբ Դամասկոսի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Տոքթ. Վազգէն Համալեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Խորէն Չարըքեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Աւօ Խոշաֆեանի եւ անդամներուն, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, հին Հալէպի քաղաքապետարանի տնօրէն երկրաչափ Ահմատ Շահապի, Հալէպի հնութիւններու փոխ-տնօրէն Տիկին Ռաշա Մասրի, Հալէպի կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, բարեսիրական մարզական հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, սուրիական լրատուական եւ արբանեակային կայաններուն, Կիլիկեան Ճեմարանի աշակերտութեան եւ ծնողներու, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական շարքի փողերախումբին եւ ազգային հայրենասիրական կշռոյթին ներքոյ, Դամասկոսի բարեխնամ առաջնորդ՝ կիլիկեանցի Սրբազան Արմաշ եպիսկոպոս արժանացաւ պատւոյ ընդունելութեան եւ իր ձեռամբ կատարուեցաւ Կիլիկեանի շինարարական աշխատանքներու հիմնաքարի բացումը։
Արդարեւ, Կիլիկեան ճեմարանի տնօրէնուհի տիկին Արփի Շէօհմէլեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց պատուական հիւրերուն:
Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ.
«Այսօր Կիլիկեան Ճեմարանը ցնծութենէն կը դղրդայ եւ իր հնամեայ քարերը կեանքով կը ներշնչուին, հարիւրերեք ամեայ կրթական այս կառոյցին առաքելութեան ճամբով անգամ մը եւս պարծանք կը շողշողայ, փաստելով արար աշխարհին, որ Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանը կը մնայ եւ պիտի մնայ անառիկ ամրոց ազգապահպանումի հալէպահայութեան, փիւնիկի նման աւերակներու մէջէն վերակենդանացող, որովհետեւ ան ունի հաւատարիմ զաւակներ, որոնք Կիլիկեանի երդիքներուն ներքեւ ջամբած են ուսում եւ թրծուած են հաւատարմութեամբ ու հայրենասիրութեամբ:
Տնօրէնուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարելին ըրին այս աշխատանքներուն յաջողութեան համար եւ այս մէկը պիտի դրոշմուի գերաշնորհ Արմաշ Սրբազան Հօր կողմէ, որով երախտագէտ Է Կիլիկեան Ճեմարանին, որ ուսանած է այս յարկին տակ, եւ այսօր Արմաշ Սրբազանը կը դնէ հիմնաքարը նախակրթարանի բաժինին վերանորոգման աշխատանքներուն, ամրապնդելու Կիլիկեանի սրբազան առաքելութիւնը՝ դաստիարակելու մատղաշ սերունդները հայաշունչ ոգիով:
Ապա արաբերէնով խօսք առաւ պետական տնօրէնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամական կապին եւ ունենալով նոյն պահանջատիրական ոգին։
Եզրափակիչ խօսքը կատարեց Արմաշ Սրբազանը, որ յուզումնախառն սակայն հպարտութեամբ ունեցաւ իր ելոյթը: Ան վերահաստատեց Սփիւռքի մէջ Կիլիկեան Ճեմարանի դերը, որուն մէկ աշակերտը եղած է եւ ապա Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն աւարտած է եւ այսօր հոգեւորականի իր ծառայութեամբ իր սիրելի Կիլիկեանին թեւ եւ թիկունք կը հանդիսանայ։
Ան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Մերձաւոր արեւելքի գրասենեակի եւ Հոլանտիոյ միացիալ եկեղեցիներու կազմակերպութեան , որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս աշխատանքը։