Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Արտաքին Գործերու Նախարարները Վերահաստատած Են Իրենց Աջակցութիւնը Հայաստանին. Սթանօ

ԵՄ Արտաքին Գործերու Նախարարները Վերահաստատած Են Իրենց Աջակցութիւնը Հայաստանին. Սթանօ

by MassisPost

ԵՄ անդամ 27 երկիրներու արտաքին գործերու նախարարների խորհուրդի նիստի ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած է նաեւ ԵՄ-ի աջակցութիւնը Հայաստանին, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։

Նիստի աւարտին ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր խօսնակ Փիթըր Սթանօն Պրիւքսէլի մէջ «Արմենփրես»-ի թղթակցին փոխանցած է, որ արտաքին գործերու նախարարները նիստին վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Հայաստանին՝ յիշեցնելով Նոյեմբերին կայացած նիստին արդիւնքներով յայտարարուած բոլոր տարրերը, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու նոր օրակարգի աշխատանքներուն, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետագայ կարգաւորման։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment