Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՆԱԹՕ-ն Կ’աջակցի Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Ու Տարածքային Ամբողջականութեան. Սթոլթենպերկ

ՆԱԹՕ-ն Կ’աջակցի Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Ու Տարածքային Ամբողջականութեան. Սթոլթենպերկ

by MassisPost

Առաջին անգամ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը:

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ժամանակ ընդգծեց. «ՆԱԹՕ-ն կ’աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղ ձգտումներուն»:

Ան նշեց, ու Ուքրանիոյ մէջմ Ռուսաստանի պատերազմը սթափեցնող յիշեցում է, որ չենք կրնար խաղաղութիւնը չգնահատել. «Ես կ’ողջունեմ ձեր համերաշխութիւնը Ուքրանիոյ հետ եւ բոլոր գործընկերներուն կոչ կ’ընեմ կատարելու իրենցմէ կախուած ամէն ինչ, որ Փութինը չյաղթէ նախայարձակ պատերազմին: Մարտադաշտին վրայ իրավիճակը կը մնայ ծանր, բայց այս պատճառով ալ պէտք է աւելցնել, ոչ թէ պակսեցնել մեր աջակցութիւնը:

Եթէ Փութինը Ուքրանիոյ մէջ յաջողութեան հասնի, իրական վտանգ կայ, որ անոր յաջողութիւնը այնտեղ կանգ չառնէ, եւ այլ մենատիրականները ոգեշնչուին անկէ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment