Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հետախուզման Մէջ Գտնուող Մշակոյթի Նախկին Նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի Գոյքի Բռնագանձման Վերաբերեալ Գործը Դատարանն Է

Հետախուզման Մէջ Գտնուող Մշակոյթի Նախկին Նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի Գոյքի Բռնագանձման Վերաբերեալ Գործը Դատարանն Է

by MassisPost

Մշակոյթի նախարարի պաշտօնը 10 տարի զբաղեցուցած, հետախուզման մէջ գտնուող  Յասմիկ Պօղոսեանի, անոր ամուսինին՝  էտուարտ Յակոբեանի, որդիին՝  Ստեփան   Յակոբեանի վերաբերեալ ՀՀ Դատախազութեան հայցադիմումը ՀՀ Հակափտածութեան քաղաքացիական դատարանը Յունուար 25-ին  ընդունած է  վարոյթ։

Յասմիկ Պօղոսեանը պաշտօնավարած է 2006-2016 թուականներուն, անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած էր իր պաշտօնավարման օրօք կատարուած խարդախութեան առնչութեամբ։ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութիւնը Հակափտածութեան քրէական դատարան ուղարկած է Յասմիկ Պօղոսեանի  վերաբերեալ գործը։ Ըստ մեղադրական եզրակացութեան՝  ան, 2012-2016 թուականներուն զբաղեցնելով ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնը եւ հանդիսանալով պետութեան անունով իրաւունք, պարտականութիւն կամ պատասխանատուութիւն յառաջացնող գործառոյթներ իրականացնող պաշտօնատար անձ, իր ծառայողական լիազօրութիւնները ի վնաս պետական շահերուն օգտագործելով՝ օժանդակած է Սոխօսենթր ընկերութեան հիմնադիրներ Գոռ Դաւթեանի եւ Հմայեակ Աւագեանի, Հայկ Խալաֆեանի, Արման Պետրոսեանի, ինչպէս նաեւ Նիքոլա եւ Մարտունի Կոստանդեաններու մասնակցութեամբ եւ Արմէն Սմբատեանի կազմակերպած ու ղեկավարած, յանցաւոր խումբի կողմէ պետական սեփականութիւն հանդիսացող՝ Երեւանի Փ. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական դպրոցին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած Երեւանի Կողբացի 36 հասցէով գտնուող հողամասէն առանձնացուած 300 քառակուսի մեթր մակերեսով հողամասը առանց ՀՀ կառավարութեան 26.07.2012թ. N 1052-Ա որոշմամբ սահմանուած պարտականութիւններու կատարման խարդախութեամբ յափշտակելուն, որուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութենէն յափշտակուած է առանձնապէս խոշոր չափերու՝ 166.103.000 դրամ շուկայական արժէքով հողամասը:

Այս գործով նախորդիւ քանի մը դատական նիստ նշանակուած է, որոնք չեն կայացած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment