«Ինծի համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ գտնուիլ Հայաստանի մէջ՝ որպէս ԱԳ նախարար», Յունաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներու համատեղ ասուլիսին յայտնեց Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսը:
Անոր խօսքով՝ Յունաստանը կը սատարէ Հայաստանի եւ ԵՄ յարաբերութիւններու ամրապնդման ու ԵՄ ներկայացուածութեան. «Մենք պիտի աշխատինք ամրացնել հաստատութենական երկխօսութիւնը՝ ըլլալով ԵՄ ամենահին գործընկերներէն մէկը: Մենք մեր համերաշխութիւնը յայտնած ենք հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ յարգած ենք մարդասիրական աջակցութիւնը ԼՂ-ի մէջ զանգուածային վայրագ գործողութիւններէն յետոյ: Յունաստանը կ’ընդունի տարածաշրջանային ինքնիշխանութիւնը, եւ խաղաղութեան օրակարգը պէտք է յառաջ մղել այս հիմնաքարային սկզբունքներու հիման վրայ: Մենք կը բացառենք ուժի կիրառումը եւ յարձակումը»:
Եորղոս Կերափեթրիթիսը ողջունեց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակումը, որ, ինչպէս նշեց ան, կը նպաստէ վստահութեան ամրապնդման:
«Մենք կը հաւատանք երկխօսութեան։ Յունաստանի մէջ մենք երեք բառ կ’օգտագործենք, որոնք կրնան ըլլալ որեւէ տեսակի միջազգային վէճի եւ յարձակման լուծում՝ ժողովրդավարութիւն, դիւանագիտութիւն եւ երկխօսութիւն», պատասխանելով տարածաշրջանին մէջ եւ յատկապէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութեան մասին հարցումին՝ ըսաւ նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսը։
Նախարարը կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը խնդիրի շատ իրատեսական, շատ արդարացի եւ կայուն լուծում է։
Եորղոս Կերափեթրիթիսը անդրադարձաւ նաեւ խաղաղութեան պայմանագրին եւ նշեց, որ պէտք է յստակացուին սահմանները, որպէսզի հետագային նոր մագլցումներ չըլլան։
«Կը կարծեմ՝ իրատեսական հնարաւորութիւններ կան լուծումներու հասնելու համար։ Կը կարծեմ՝ ՀՀ կառավարութիւնը կ’ընէ բոլոր քայլերը՝ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հասնելու համար», ըսաւ Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարը։