Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը խստօրէն կը դատապարտէ իսրայէլա-աւստրալացի գործարար Տենի Ռուպենշթէյնի հետ կապուած զինուած խմբաւորումներու վերջին դաժան յարձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի հայկական թաղամասին վրայ:
«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը՝ պաշտպանելու հայկական թաղամասին մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու անոր բնակիչներուն կամքը, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերուն բռնի իւրացմանը», ըսուած է հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:
Լեմքինի հիմնարկը ընդգծած է, որ նման իրադարձութիւնները կը նպաստեն զանգուածային վայրագութիւններուն եւ ցեղասպանութեան նպաստող միջավայրի ստեղծման: Կը նշուի, որ նման նախազգուշացումները կարեւոր են հայերու դէմ հետագայ մագլցումը կանխելու համար:
«Մենք լիովին կ’աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներով ապահովելու հայկական թաղամասին եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացած մասին անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ: