4 ամիս առաջ Ջերմուկի դիրքերէն գերեվարուած Գագիկ Ոսկանեանին Ատրպէյճանի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը 18 տարուայ բանտարկութեան դատապարտեց։
Դատաքննութիւնը կայծակնային էր, ընդամէնը երկու նիստ եղաւ։ Առաջինին գործին մէջ ներգրաւուած անձերը ներկայացուցին, երկրորդին ալ մեղադրական եզրակացութիւնը հրապարակելէ քանի մը ժամ անց դատարանը վճիռը հրապարակեց։
Պաքուն 40-ամեայ երեւանցի տղամարդուն շարք մը ծանր յանցանքներ կը վերագրէ՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի սահմանահատում։ Գերեվարուած պահեստազօրայինը, որ Ջերմուկի մէջ վարժական հաւաքներու կը մասնակցէր, յօդուածներէն որեւէ մէկով իրեն մեղաւոր չի ճանչնար։
Քանի մը ժամ տեւած քննութեան ընթացքին Գագիկ Ոսկանեանը ապակիներով առանձնացուած խուցի մէջ էր, փաստաբանը՝ դահլիճին մէջ։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ «Ոսկանեան յայտնած է, որ Օգոստոսին կատարուածը ինք չի յիշեր»։ Անոր մայրը օրերս «Ազատութեան» պատմած էր՝ ընդամէնը ութ օր մնացած էր, որ տղան վերադառնայ հաւաքներէն։
Ատրպէյճանական կողմը Ոսկանեանին որպէս սադրիչ կը ներկայանցնէ. Օգոստոս 16-ին յայտարարեցին, թէ Քելբաջարի ուղղութեամբ «սադրիչ ներթափանցման փորձ եղած է»՝ հրազէն կիրառելով իրենք յաջողած են կասեցնել զայն ու ձերբակալել Ոսկանեանը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը բացարձակ սուտ որակեց այս պնդումը։
Աւելի վաղ, երբ ատրպէյճանական կողմը այս միջադէպին վերաբերեալ դեռ ոչինչ հաղորդած էր, պաշտպանական գերատեսչութիւնը յայտարարած էր, թէ նախնական տուեալներով՝ Ոսկանեանը ինքնակամ թողած է մարտական դիրքը։
Հայկական կողմը ամրան տեղեկացուց, որ կը քննեն հայ պահեստազօրայինին՝ ատրպէյճանական կողմը յայտնուելու հնարաւոր վարկածն ու բոլոր հանգամանքները։
Յաջորդող 4 ամիսներու ընթացքին, սակայն, որեւէ յաւելեալ պարզաբանում չեն տուած։ Պետական մարմինները առայժմ չեն մանրամասներ, թէ ի վերջոյ ինչպէս Ոսկանեանը միայնակ յայտնուած է ատրպէյճանական կողմը ու գերեվարուած է։
Քննչական Կոմիտէէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ մարտական հերթապահութեան կանոնները խախտելու յօդուածով վարոյթ նախաձեռնած են, այժմ նախաքննութիւն կ’ընթանայ կատարուածին հանգամանքները պարզելու նպատակով։
Ուղիղ մէկ ամիս առաջ ալ Ատրպէյճանի մէջ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ամրան Լաչինի միջանցքէն առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանը։ Անոր պարագային ալ կը պնդէին, թէ 90-ականներուն զանգուածային սպանութիւն իրականացուցած է։
Հայ իրաւապաշտպաներուն պնդմամբ՝ այս դատավարութիւնները օրինական չեն, կ’ոտնահարուին մեղադրեալներուն իրաւունքները. սա արդարադատութեան նմանակում է։
Իրաւապաշտպաններուն տուեալներով՝ այս պահուն Ատրպէյճանի մէջ 55 հայ կը պահուի, 41 ռազմագերի, Արցախի նախկին ղեկավարութեան 8 ներկայացուցիչ եւ 6 քաղաքացիական անձ։ Ատրպէյճանի մէջ հայերը կը մեղադրեն տարբեր յօդուածներով՝ սահմանը ապօրինի հատելէն մինչեւ զինուած խմբաւորման կազմաւորում, անոնցմէ շատերը դատապարտուած են 6-20 տարուայ բանտարկութեան։