Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ-ն Հնարաւորութիւն Ունի Ցոյց Տալու, Որ Կը Շարունակէ Հաւատարիմ Մնալ Իր Ստորագրած Փաստաթուղթերուն․ Ալեն Սիմոնեան

ՌԴ-ն Հնարաւորութիւն Ունի Ցոյց Տալու, Որ Կը Շարունակէ Հաւատարիմ Մնալ Իր Ստորագրած Փաստաթուղթերուն․ Ալեն Սիմոնեան

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան կը կարծէ, որ վճարումներու դիմաց Ռուսաստանի կողմէ Հայաստանին տակաւին սպառազինութիւն չմատակարարելու խնդիրը հնարաւոր է լուծել գործընկերային մթնոլորտի մէջ։ Սիմոնեանի խօսքով՝ ռուսական կողմը հնարաւորութիւն ունի՝ ցոյց տալու, որ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր յայտարարած սկզբունքներուն ու ստորագրած փաստաթուղթերուն:

Սիմոնեան նման դիրքորոշում յայտնեց Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին՝ անդրադառնալով հարցին, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ վճարուած գումարին դիմաց Ռուսիոյ կողմէ զէնքը չմատակարարելու հարցը լուծուի  գործընկերային յարաբերութիւններու միջոցով:

Սիմոնեանի կարծիքով՝ այդ հնարաւոր է․ «Եւ ռուսական կողմը հնարաւորութիւն ունի՝ ցոյց տալու, որ, այնուամենայնիւ, ինքը շարունակում է հաւատարիմ մնալ իր յայտարարած սկզբունքներին եւ ստորագրած փաստաթղթերին: Եթէ պարտաւորութիւնները չեն կատարւում, իսկ դա փաստ է, որ չեն կատարւում, Հայաստանը  միանշանակ պէտք է պաշտպանի իր շահերը», ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment