Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2024-ի Պիւտճէով Պաշտպանութեան Ոլորտին Պիտի Ուղղուի 554 Միլիառ Դրամ․ Ելեւմուտքի Նախարար

2024-ի Պիւտճէով Պաշտպանութեան Ոլորտին Պիտի Ուղղուի 554 Միլիառ Դրամ․ Ելեւմուտքի Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի մէջ 2024-ի պետական պիւտճէի փոխուած նախագիծով Պաշտպանութեան Նախարարութեան վերաբերեալ ծախսերը պիտի կազմեն 554 միլիառ դրամ՝ 7 տոկոսով գերազանցելով 2023-ի պետական պիւտճէով սահմանուած պաշտպանութեան ոլորտին ուղղուող ծախսերը. Ազգային Ժողովին մէջ յայտնեց ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանը։

«Արդիւնքում՝ 2024-ին պաշտպանութեան ծախսերը կը կազմեն ՀՆԱ-ի 5, 3 տոկոսը՝ 2023 թուականի նկատմամբ նուազելով 0, 3 տոկոսային կէտով», ըսաւ նախարարը:

Նախարարը նաեւ նշեց, որ Սեպտեմբեր 19-էն ետք Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան համար նախատեսուած են օժանդակութեան ծրագրեր 47,3 միլիառ դրամի չափով։

Աւելի վաղ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ 2024-ի պիւտճէով կը կրկնապատկուին պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ սա պատերազմի նախապատրաստութիւն չէ, այլ՝ խաղաղութեան։

Ըստ վարչապետին՝ քաղաքացիներու պաշտպանուածութեան զգացողութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան ամենակարեւոր երաշխիքն է։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտնած է, թէ Պաքուն «ստիպուած է ռազմական պիւտճէն մրցանշային մակարդակի հասցնել, քանի որ նոյնիսկ պատերազմին պարտութենէն յետոյ Հայաստանէն վտանգ կը տեսնեն»։

Ան Հնդկաստանի դեսպանին հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է՝ «եթէ Հայաստանը խաղաղութիւն կ’ուզէ, ապա ինչո՞ւ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու զէնք կը գնէ»։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment