Գերմանիոյ կառավարութիւնը 84,6 միլիոն եւրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ որպէս դրամաշնորհներ ու վարկեր։ Երեւանի մէջ կայացած մամուլի համատեղ ասուլիսին ընթացքին այդ մասին յայտնած են Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը եւ Գերմանիոյ տնտեսական զարգացման ու համագործակցութեան պետական քարտուղար Նիս Աննենը։
Վերջինիս խօսքով՝ այդ յստակ ազդանշան է ամբողջ աշխարհին, որ Գերմանիան ու Հայաստանը համագործակցութեան նոր ուղի կը բանան։ «Հայաստանը կրկին ապացուցած է, որ յանձնառու է ժողովրդավարութեան, ժողովրդավարական հասարակութեան», ընդգծած է Գերմանիոյ պետական քարտուղարը։
Երեւանի մէջ երկու երկիրներու միջկառավարական երկօրեայ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են։