Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիան Հանդէս Կու գայ, Որ Մագլցում Չըլլայ Տարածաշրջանին Մէջ, Պատուհանը Օգտագործուի Խաղաղութեան Համար. Պերպոք

Գերմանիան Հանդէս Կու գայ, Որ Մագլցում Չըլլայ Տարածաշրջանին Մէջ, Պատուհանը Օգտագործուի Խաղաղութեան Համար. Պերպոք

by MassisPost

«Ես հանդէս կու գամ, որ մագլցում տեղի չունենայ այս տարածաշրջանին մէջ, որ այս պատուհանը օգտագործուի խաղաղութեան համար», Հայաստանի մէջ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անալենա Պերպոքը։

Նախարարը, ըստ էութեան, ուղիղ չպատասխանեց հարցումին, թէ արդեօք Գերմանիան պատրաս՞տ է կանգնեցնելու քարիւղի ու կազի ներկրումը եւ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի դէմ, եթէ յարձակում տեղի ունենայ Հայաստանի վրայ։

«Գերմանիան կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կանգնած է այդ երկու երկիրներու կողքին, որպէսզի խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի», ըսաւ ան։

«Որպէս Գերմանիա՝ մենք նոյնպէս կը զգանք, թէ ինչքանով կախուած ենք Ռուսաստանէն, եւ գիտենք Հայաստանի մասով եւս, բայց մէկ օրուան մէջ այդ պիտի չփոխուի, բայց պէտք են ամուր գործընկերներ, մեր ուժանիւթային կախուածութենէն մենք ազատուած ենք», նկատեց ան։

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան, իր հերթին, նշեց, որ այսօր ալ կան լուրջ մտավախութիւններ, որ Ատրպէյճանը դեռ տարածքային պահանջներու յաւակնութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, կան վերապահումներ ՀՀ ինքնիշխանութեան նկատմամբ։

«Չնայած բոլոր բարդություններին, բոլոր մարտահրաւէրներին՝ ՀՀ-ն ունի քաղաքական կամք գնալ խաղաղութեան հասնելու, գնալ խաղաղութեան հաստատմանը», նշեց նախարարը։

Սա Պերպոքի առաջին այցն է Հայաստան, ապա ան պիտի մեկնի Ատրպէյճան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment