Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2023-ի 9 Ամսուան Մէջ Առաջին 1000 Մեծ Հարկատուները Պետական Պիւտճէ Վճարած Են Մօտ 3,17 Միլիառ Տոլար

2023-ի 9 Ամսուան Մէջ Առաջին 1000 Մեծ Հարկատուները Պետական Պիւտճէ Վճարած Են Մօտ 3,17 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

Առաջին 1000 մեծ հարկ վճարողներուն կողմէ 2023 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 266 միլիառ 911 միլիոն դրամ կամ մօտ 3 միլիառ 174 միլիոն տոլար:

Հայաստանի Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 967 միլիառ 676 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ շուրջ 299 միլիառ 235 միլիոն դրամ։

ՊԵԿ-ը հրապարակած է տուեալ ժամանակահատուածին 1000 մեծ հարկ վճարողներուն ցանկը, որուն առաջին եռեակին մէջ են Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, «Կազփրոմ Արմենիա» եւ «Կրանտ Թոպաքօ» ընկերութիւնները՝ համապատասխանաբար 52,4 միլիառ, 39,5 միլիառ եւ 31 միլիառ դրամ ընդհանուր վճարումներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment