Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի Արձագանգը Գանատայի Արտաքին Գործերու Նախարարի Յայտարարութիւններուն

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի Արձագանգը Գանատայի Արտաքին Գործերու Նախարարի Յայտարարութիւններուն

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն հերքած է Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլիի կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները՝ յայտարարելով «Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սպառնալիքներու անթոյլատրելիութեան մասին»։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի մեկնաբանութեան մէջ կը նշուի, որ Ժոլիի պնդումները Ղարաբաղի հայերու տեղահանման եւ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական ճգնաժամի մասին «անհիմն են»։

«Արտայայտելով աջակցութիւն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան, Ժոլին նման յարգանք չէ դրսեւորած Ատրպէյճանի ամբողջականութեան նկատմամբ։ Մտահոգութիւն յայտնելով Ղարաբաղը «ինքնակամ» լքած հայերուն մասին՝ ան չէ հետաքրքրուած Ատրպէյճանի նախկին «բռնագրաւուած» տարածքներէն վտարուած եւ Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներու վիճակով: Սա ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ գանատացի նախարարին «բացայայտ կողմնակալութիւնը»», կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։

Ինչ կը վերաբերի պնդումներուն, թէ Գանատան չի բացառեր պատժամիջոցները Ատրպէյճանի դէմ, ապա «Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու փորձերը խոր մոլորութիւն են, եւ նման միջոցները երբեք ոեւէ մէկուն յաջողութիւն պիտի չբերեն», կ’ըսուի մեկնաբանութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment