Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շատ Կարեւոր Է, Որ Առանց Սահմանափակումներու Վերականգնուի Ելեկտրամատակարարումը, Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով. Քլաար

Շատ Կարեւոր Է, Որ Առանց Սահմանափակումներու Վերականգնուի Ելեկտրամատակարարումը, Տեղաշարժը Լաչինի Միջանցքով. Քլաար

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, արձագանգելով Արցախի կազամատակարարման՝ կարճ ժամանակով վերականգնման հետ կապուած իրավիճակին, Թուիթըրի իր էջով գրած է. «Խոստումնալից սկսած օրը կրկին աւարտեցաւ հիասթափությամբ եւ յուսախաբութեամբ»:

«Ինչպէս բազմիցս կրկնած է Եւրոմիութիւնը, շատ կարեւոր է, որ ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնուի առանց սահմանափակումներու, ինչպէս նաեւ մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով», ընդգծած է Քլաար։

Շաբաթ երեկոյեան վերականգնուած էր Արցախ կազի մատակարարումը, սակայն նախօրէին կէսօրին ատրպէյճանական կողմը կրկին լրիւ անջատած է զայն:

ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը եւս մէկ գրառում կատարած է Թուիթըրով՝ նշելով. «Պաքու-Ստեփանակերտ իրական երկխօսութիւն պէտք է սկսի՝ նպատակ ունենալով ապահովել այլընտրանքներ բռնութեան, ձեւաւորել անչափ անհրաժեշտ վստահութիւն եւ երաշխաւորել արժանապատուութիւնը: Եւրոմիութիւնը անհամբեր կը սպասէ պրիւսքէլեան եռակողմ հանդիպման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ»:

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահին հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ, նախատեսուած է Յուլիս 21-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment