Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Եռակողմ Պաշտպանական Խորհրդակցութիւններ Տեղի Ունեցած Են

Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Եռակողմ Պաշտպանական Խորհրդակցութիւններ Տեղի Ունեցած Են

by MassisPost

Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներու հետաքրքրութիւններու շրջանակներուն մէջ գտնուող անվտանգային շարք մը խնդիրներ եւ համագործակցութեան հարցեր։

Հայկական կողմէ խորհրդակցություններուն մասնակցած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պաշտպանական Քաղաքականութեան եւ Միջազգային Համագործակցութեան Վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

ՀՀ ՊՆ Լրատուական Վարչութեան փոխանցմամբ, կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ համատեղ քայլեր ձեռնարկելու երեք երկիրներու պաշտպանունակութեան եւ ռազմական անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Քննարկումներու բերումով ստորագրուած է եռակողմ ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ շարք մը միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ։

Խորհրդակցութիւններու աւարտին պատուիրակութիւնները ընդունած է Կիպրոսի Ազգային բանակի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Տիմոքրիթոս Զերվաքիսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment