Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ապաշրջափակեցէք Լաչինի Միջանցքը. ԼՂ Բնակչութիւնը Կրնայ Մնալ Առանց Պարէնի Պաշարներու». Զախարովան Դիմած Է Պաքուին

«Ապաշրջափակեցէք Լաչինի Միջանցքը. ԼՂ Բնակչութիւնը Կրնայ Մնալ Առանց Պարէնի Պաշարներու». Զախարովան Դիմած Է Պաքուին

by MassisPost

Ռուսիան Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Մենք ծայրայեղ մտահոգութիւն կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի խախտման դէպքերու յաճախակիացման եւ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պահպանման առնչութեամբ: Առկայ տեղեկատուութեան համաձայն՝ մարդասիրական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ կը վատթարանայ: Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ մատակարարումներու դադրեցման պատճառով Ղարաբաղի բնակչութիւնը կրնայ յայտնուիլ առանց պարէնի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ դեղամիջոցներու պաշարներու», ըսած է Զախարովան։

Այդ, անոր խօսքով, կը հակասէ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն, այդ շարքին՝ 2020 թուականի յայտարարութեան դրոյթներուն։

«Մենք Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ’ընենք բոլոր հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով: Ատրպէյճանական կողմին կոչ կ’ընենք ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը, ապահովելու անով քաղաքացիներուն, փոխադրութեան միջոցներուն եւ բեռներուն անարգել տեղաշարժը քաղաքացիական նպատակներով», ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Ինչ կը վերաբերի խաղաղապահներու գործողութիւններուն, ապա անոնք պիտի համապատասխանեն «գետնի վրայ» իրավիճակի զարգացման։ Զախարովայի խօսքով՝ անոնք պիտի երթան երկիրներու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հունով։

Ռուսիան կը պահպանէ շփումները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ՝ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի լիցքաթափման  նպատակով։ Այդ շփումները, դիւանագէտին խօսքով, կը շարունակուին ե՛ւ քաղաքական մակարդակով, ե՛ւ խաղաղապահ միաւորման միջոցով։

«Եւ, ի հարկէ, շատ բան կախուած է կողմերէն, անոնց քաղաքական կամքէն եւ միմեանց դէմ-յանդիման երթալու պատրաստակամութենէն: Մենք մեր կողմէ կը ներդնենք բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը», վստահեցուցած է Զախարովան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment