Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԼՂ-ի Մէջ ՀՀ Բանակ Չկայ. ԼՂ-ի Մէջ Կը Գործէ ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակը, Որուն Գոյութեան Պատճառները Ամէն Օր Կարելի Է Գտնել Ատրպէյճանի Գործողութիւններուն Մէջ. Փաշինեան

ԼՂ-ի Մէջ ՀՀ Բանակ Չկայ. ԼՂ-ի Մէջ Կը Գործէ ԼՂ Պաշտպանութեան Բանակը, Որուն Գոյութեան Պատճառները Ամէն Օր Կարելի Է Գտնել Ատրպէյճանի Գործողութիւններուն Մէջ. Փաշինեան

by MassisPost

«Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ԼՂ-ում մարդասիրական ճգնաժամը օր օրի սրւում է», կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ յաւելեց, որ Հաքարի կամուրջին մօտ տեղի ունեցած սադրանքէն յետոյ ԼՂ-ն զրկուած է բոլոր տեսակի ապրանքներու մատակարարումներէն, եւ մատակարարումներ իրականացնելու հնարաւորութիւն չունին նոյնիսկ ռուս խաղաղապահները:

Անդրադառնալով ատրպէյճանական հռետորաբանութեան եւ քարոզչութեան շարունակական սրման՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց. «Չեն դադարում ՀՀ-ի հասցէին հնչող ատրպէյճանական անհիմն մեղադրանքները: Ատրպէյճանը շարունակում է Հայաստանից պահանջել ԼՂ-ից դուրս բերել Հայաստանի բանակի ստորաբաժանումները՝ այն պարագայում, երբ ՀՀ-ն Լեռնային Ղարաբաղում զինուոր չունի: Արձանագրում եմ եւս մէկ անգամ՝ ԼՂ-ում Հայաստանի Հանրապետութեան բանակ չկայ, ԼՂ-ում գործում է ԼՂ պաշտպանութեան բանակը, որի գոյութեան պատճառները իւրաքանչիւր ոք ամէն օր կարող է գտնել Ատրպէյճանի պաշտօնական քարոզչութեան եւ գործողութիւնների մէջ»:

Ատրպէյճանի գործողութիւններուն անթաքոյց էութիւնը ԼՂ հայերը ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան ենթարկելն է, յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ցեղային զտման ատրպէյճանական այդ քաղաքականութեան մաս է նաեւ այն միջազգային կազմակերպութիւնների եւ երկրների թիրախաւորումը, որոնք առարկայական գնահատական են տալիս ԼՂ-ում ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ Ատրպէյճանի գործողութիւններին», յաւելեց Նիկոլ Փաշինեան:

Անդրադառնալով մասնաւորապէս Ֆրանսայի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սկսած հակաքարոզչութեան՝ վարչապետը ընդգծեց. «Ֆրանսայի դէմ ուղղուած քարոզչութիւնը այլ երկրների կողմից ԼՂ-ում հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամին հասցեական հնարաւոր գնահատականները կանխելն է»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսային՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանը պէտք է բոլոր միջոցները ձեռնարկէ, որ աւելի ու աւելի շատ երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ հանդէս գան հասցէական գնահատականներով ԼՂ-ի մէջ հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment