Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այսօր Քաղաքական Եւ Տնտեսական Բոլոր Իրաւունքները Հասանելի Են Բոլոր Մարդոց. Փաշինեան

Այսօր Քաղաքական Եւ Տնտեսական Բոլոր Իրաւունքները Հասանելի Են Բոլոր Մարդոց. Փաշինեան

by MassisPost

Սահմանադրական իրականութեան ապահովման ոլորտին մէջ Հայաստանի ամենամեծ մարտահրաւէրները արտաքին անվտանգութիւնն են ու անառարկելիորէն վստահելի դատական համակարգը, Սահմանադրութեան օրուան առթիւ իր ուղերձին մէջ յայտարարած է վարչապետ Փաշինեանը։ Ան ընդգծած է, որ խաղաղութիւնն է ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան ամենավստահելի գործօնը։

«Խաղաղութեան օրակարգի իրագործումը երաշխաւորուած չէ այն պարզ պատճառով, որ կախուած չէ միայն մեզնից, բայց որ մենք բոլոր օրինական ջանքերը պէտք է գործադրենք խաղաղութեան հասնելու համար, նոյնպէս ակնյայտ է եւ աներկբայ: Այս իմաստով՝ առանցքային են Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան հասցէագրման պատշաճ մեխանիզմների ստեղծումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը», յայտնած է վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան ուղերձին զգալի մասը նուիրած է արդարադատութեան. ընդունելով, որ դատաիրաւական համակարգը միշտ պատշաճ արագութեամբ ու արդիւնաւէտութեամբ չ’արձագանգեր իրաւախախտումներուն՝ վարչապետը պնդած է, որ այդ ոլորտին մէջ էական յառաջընթաց կայ, եւ բոլոր մարդիկ հաւասար են օրէնքի առաջ. «Այսօր քաղաքական եւ տնտեսական բոլոր իրաւունքները հասանելի են բոլոր մարդկանց, ինչպէս վայել է ժողովրդավարութեան երկրին: Սա մի արդիւնք է, որն այլեւս չի նկատւում, որովհետեւ դարձել է սովորական, եւ այն, որ դարձել է սովորական, թերեւս ամենամեծ արդիւնքն է»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment