Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսա Կ’աջակցի Հայկական Անջատողականութեան Ղարաբաղի Մէջ. Ալիեւ

Ֆրանսա Կ’աջակցի Հայկական Անջատողականութեան Ղարաբաղի Մէջ. Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պնդած է, թէ Ֆրանսան կ’աջակցի հայկական անջատողականութեան Ղարաբաղի մէջ։

«Ֆրանսան մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի կեղծ պաշտպանի քօղին տակ կը շարունակէ միջամտել այլ երկիրներու ներքին գործերուն», յայտնած է Ալիեւ «Չմիացած պետութիւններու շարժման» արտաքին գործերու նախարարներու՝ Պաքւուի մէջ տեղի ունեցող հաւաքին ելոյթի ժամանակ։

Ատրպէյճանի առաջնորդը հերթական անգամ Ֆրանսան մեղադրած է «գաղութատիրական» քաղաքականութեան համար՝ համոզմունք յայտնելով, թէ Փարիզի քայլերը «դատապարտուած են ձախողման»։

«Ցաւօք, Ֆրանսան կը փորձէ նոյն արատաւոր կիրառումը պարտադրել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ աջակցելով հայկական անջատողականութեան Ատրպէյճանի Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ եւ օգտագործելով աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնը, արտաքին ռազմական ներկայութիւնը եւ օրիենթալիզմի գաղութային քաղաքականութիւնը», ըսած է Ալիեւ։

Պաշտօնական Փարիզը Ատրպէյճանի նախագահի մեղադրանքներուն չէ արձագանգած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment