Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ճալալ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Յարուցուած Հանրային Քրէական Հետապնդումը Ժամանակաւորապէս Կասեցուած Է

Ճալալ Յարութիւնեանի Նկատմամբ Յարուցուած Հանրային Քրէական Հետապնդումը Ժամանակաւորապէս Կասեցուած Է

by MassisPost

Դատախազը բաւարարած է Քննչական Կոմիտէին միջնորդութիւնը` Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ յարուցուած հանրային քրէական հետապնդումը ժամանակաւորապէս կասեցնելու վերաբերեալ, յայտնեց ՔԿ խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը:

Տուեալ վարոյթի համակողմանիութիւնն ու անաչառութիւնը ապահովելու նպատակով նշանակուած է յանձնաժողովային ռազմագիտական փորձաքննութիւն, եւ այդ հիմքով վարոյթը իրականացնող մարմինը միջնորդութիւն ներկայացուցած է հսկող դատախազին, յաւելեց ան:

«Փորձաքննութեան ստացուելիք եզրակացութիւնը էական նշանակութիւն է ունենալու քրէական վարոյթով արարքներին վերջնական իրաւական գնահատական տալու համար», նշեց ՔԿ խօսնակը:

44-օրեայ պատերազմի օրերուն` նախքան ծանր վիրաւորումը, Արցախի պաշտպանութեան բանակը ղեկավարած զօրավարը կը մեղադրուի ծառայողական պարտականութիւններու նկատմամբ անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորելու համար, որոնք յառաջացուցած են ծանր հետեւանքներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment