Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անդրանիկ Քոչարեան. «Մեր Բանակը Վերազինուելու Եւ Ժամանակակից Զէնք Ունենալու Հնարաւորութիւնները Կ’իրագործէ»

Անդրանիկ Քոչարեան. «Մեր Բանակը Վերազինուելու Եւ Ժամանակակից Զէնք Ունենալու Հնարաւորութիւնները Կ’իրագործէ»

by MassisPost

«Ես կարող եմ հաւաստել, որ ոչ-արդիական զէնք այլեւս մեր ապագայ բանակին պէտք չի», յայտնեց Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը «Ազատութեան» «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման եթերով:

Մեկնաբանելով պետութեան ղեկավարներու յայտարարութիւնները, մասնաւորապէս` Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին ըսածը, որ Հայաստանը արդէն իսկ ձեռք բերած է արդիական զինատեսակներ, եւ շարք մը գնումներ ընթացքի մէջ են, Քոչարեան շարունակեց. «Մեր բանակը վերազինուելու եւ ժամանակակից զէնք ունենալու հնարաւորութիւնները կ’իրագործէ, եւ անոր միտուած են նաեւ կրթական համակարգին հետ կապուած մեր ծրագրային մօտեցումները, որովհետեւ ժամանակակից սպառազինութիւնը նաեւ ժամանակակից կառավարում կը պահանջէ, իսկ այդ առանց իմացական բաղադրիչի աւելացման որեւէ ձեւ հնարաւոր չի»:

«Այսինքն, մենք իրականութիւն ենք դարձնելու Կառավարութեան ծրագրում դրուած այն հիմնահարցերը` բանակաշինութեանը վերաբերող, որը մեզ կ’ապահովի ժամանակակից բանակ ունենալու հնարաւորութիւնը», ընդգծեց խորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահը:

«Ոչ-արդիական զէնքերը, ի հարկէ, կը մնան պահեստներում, անհրաժեշտութեան դէպքում, եթէ դրա կարիքը լինի, կ’օգտագործուեն», նաեւ նշեց Անդրանիկ Քոչարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment