Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Յառաջդիմութեան Գրաւական

Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի Յառաջդիմութեան Գրաւական

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ, Երեւանի մէջ կայացաւ Ժողովրդավարութեան Հայկական Համագումարը, որուն ընթացքին ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ ժողովրդավարութիւնը արդէն իսկ կայացած փաստ է Հայաստանի մէջ:

Հայաստանէն ներս ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններու էջը բացուեցաւ 2018-ի Ապրիլ-Մայիսին, երբ Հայաստանի քաղաքացիները հարիւր հազարներով փողոց դուրս գալով` թաւշեայ  յեղափոխութեամբ տապալեցին նախկին վարչակարգը ու անոր բոլոր յոռի բարքերը:

Այդ օրուանէ ասդին երկիրը մեծ մասամբ հաւատարիմ մնաց այդ սկզբունքներուն, հակառակ դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Նոյնիսկ 2022 թուականի 44-օրեայ պատերազմը չկարողացաւ կասեցնել ժողովրդավարութեան յառաջընթացը ու իշխանութիւնները մնացին հաւատարիմ իրենց որդեգրած սկզբունքներուն:

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները` բոլորն ալ իրենց զեկոյցներուն մէջ կը հաստատեն վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուող յառաջխաղացքը: Այսօր, ազատ է մամուլն ու համացանցը, իսկ ընտրութիւնները տեղի կ’ունենան ազատ ու արդար պայմաներու տակ: Լաւագոյն փաստերէն մէկը այն է որ, ընդդիմութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունի հեռատեսիլի 5 ալիք եւ աւելի քան 15 լրատուամիջոց, որոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը քննադատեն, չըսելու համար կը հայհոյեն, գործող իշխանութիւններուն, առանց վարանելու կամ վախնալու:  Հայաստանի մէջ չկան նաեւ քաղաքական բանտարկեալներ:

Ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն, անոնք տեղի կ’ունենան ազատ պայմաններու տակ եւ շատ տեղերու մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ ու թեկնածուներ կը կարողանան հասնիլ յաղթանակի:

Նոյն համագումարի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց որ, Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի գլխաւոր վաճառանիշն է: Ճիշտ բնորոշում կատարեց վարչապետը: Այդ վաճառանիշով է որ, այսօր մեր Հայրենիքը կը ներկայանայ աշխարհին, ու անոր համար ալ կը  կարողանայ ընդլայնել իր բարեկամներու շրջագիծը` յատկապէս արեւմտեան երկիրներուն մօտ, որոնք տարբեր ձեւերով կ’օժանդակեն Հայաստանի քաղաքական շահերուն երբ մեր աւանդական դաշնակիցները կը թերանան իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ:

Ժողովրդավարութիւնը ունի նաեւ իր տնտեսական բաղադրիչը, որուն շնորհիւ գործարարներն ու առեւտրականները ազատօրէն յառաջ կը տանին իրենց գործերը ու պետական գանձ կը մուծեն հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ, առանց մտավախութիւն ունենալու, որ իրենց ձեռքէն կրնան խլուիլ իրենց պատկանող գործարաներն ու վաճառատուները: Տնտեսութիւնը դադրած է ըլլալէ սահմանափակ թիւով մարդկանց մենաշնորհը ու այդ մարզէն ներս աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներուն մասնակցութիւնն ու արդար մրցակցութիւնը պատճառներէն մէկն է` Հայաստանի մէջ արձանագրուող տնտեսական աննախընթաց աճին:

Այս բոլորով հանդերձ, ամէն ինչ չէ որ սահուն կ’ընթանայ: Ժողովուրդի մօտ դատարաններու նկատմամբ անվստահութիւնը կը շարունակէ մնալ երկրի ամենէն խոցելի կողմերէն մէկը: Արդար դատարանները եւս կարեւոր են ժողովրդավարութեան ամրապնդման  ուղղութեամբ: Ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումը ու ընկերային ապահովութիւնը եւս կարեւոր գործօններ են ժողովրդավարութեան զարգացման մէջ:

Միւս կողմէ ժողովրդավարութիւնը չի նշանակեր ամենաթողութիւն: Ինչպէս իշխանութիւնները, այդպէս ալ ընդդիմութիւնը պէտք է հաւատարիմ մնան նոյն սկզբունքներուն: Ֆիզիքական հաշուեյարդարի մասին ելոյթներն ու կոչերը,  առեւանգումի փորձերը, ապատեղեկութիւն տարածումը  չեն տեղաւորուիր այդ սկզբունքներուն մէջ ու պէտք չէ անհետեւանք մնան, այլապէս երկիրը կը մխրճուի քաոսի մէջ:

Կայ ընդունուած սկզբունք մը որ կ’ըսէ` «քու ազատութիւնդ կ’աւարտի, հոն ուր կը սկսի դիմացինին ազատութիւնը»: Հայաստանի բոլոր քաղաքական շրջանակներուն ու պարզ քաղաքացիներուն համար այդ պէտք է ըլլայ նշանաբան  ու բոլորը պէտք է գործեն այդ սկզբունքի հովանիին տակ:

Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումը չէ հասած իր լրումին, սակայն ան կը գտնուի ճիշդ ուղղի վրայ: Մեր ապագայ յաջողութիւններուն միակ գրաւականը կը մնայ այդ սկզբունքներու յարատեւ զարգացման մէջ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment