Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եւ Թրամփ Յայտարարած Են TRIPP Նախագիծի Գործնական Փուլի Մեկնարկը

Փաշինեան Եւ Թրամփ Յայտարարած Են TRIPP Նախագիծի Գործնական Փուլի Մեկնարկը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 23-ին պաշտօնապէս մեկնարկած է «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծի իրականացումը։ Սիւնիքի մարզի Մեղրի համայնքին մէջ սկսած են նախագիծի
շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները։ Մեկնարկին առիթով ուղերձներով հանդէս եկած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը։

«Մենք մեկնարկում ենք անկախութիւնից ի վեր Հայաստանի խոշորագոյն տնտեսական ծրագրի աշխատանքները»,- յայտնած է Փաշինեան։

Մեղրի համայնքին մէջ աշխատանքներ սկսած են քանի մը հատուածներու մէջ։ Յատուկ սարքով կ’իրականացուին ճանապարհի հարթեցման եւ քարերու մաքրման աշխատանքներ։ Նախապատրաստական փուլին պիտի յաջորդեն հիմնական շինարարական աշխատանքները, որոնց մեկնարկի յստակ ժամկէտ չէ նշուած։

Փաշինեան իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովը, որուն ընթացքին իր եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ստորագրած համատեղ հռչակագրով նախատեսուած էր TRIPP-ի իրականացումը։

Վարչապետին խօսքով՝ նախագիծը միտուած է Հարաւային Կովկասի մէջ անխոչընդոտ, բազմաձեւ տարանցիկ հաղորդակցութիւններու ստեղծման՝ երկիրներու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգման հիման վրայ։

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան ապահովումէն բացի, TRIPP-ը հնարաւորութիւն կու տայ զարգացնելու Հայաստանի ներպետական կապերը, ընդլայնելու արտաքին շուկաներուն հասանելիութիւնը եւ խթանելու ներդրումները։

Փաշինեանի գնահատմամբ՝ նախագիծը առանձնայատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ Սիւնիքի մարզի տնտեսական զարգացման համար։ Անոր խօսքով՝ TRIPP-ը պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման՝ մեծցնելով երկրի միջազգային նշանակութիւնը եւ ընդլայնելով Հայաստանի կայունութեամբ շահագրգիռ գործընկերներու շրջանակը։

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ նախագիծի պաշտօնական մեկնարկին առիթով յղած տեսաուղերձին մէջ շնորհաւորած է Փաշինեանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ անոր աշխատանքին համար։

«Ան ընտրեց խաղաղութեան ուղին եւ մեզի հետ աշխատեցաւ վերջ դնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական հակամարտութեան»,- ըսած է Թրամփ։

ԱՄՆ նախագահին խօսքով՝ հայ-ամերիկեան գործընկերութիւնը տարածաշրջանին մէջ նոր առեւտրային ուղիներ պիտի ստեղծէ ապրանքներու եւ ուժանիւթակիրներու փոխադրման, ինչպէս նաեւ մարդոց տեղաշարժի համար։

Թրամփ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է ապահովելու նախագիծին յաջող իրականացումը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ իրեն Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին առաջադրելու համար։

ԱՄՆ նախագահը նաեւ Փաշինեանը հրաւիրած է 2027 թուականին Սպիտակ տուն՝ Ուաշինկթընի մէջ Ազգային աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու նպատակով անոր նախատեսուող այցի ընթացքին։

«Պիտի ուզէի նաեւ վարչապետ Փաշինեանը հրաւիրել Սպիտակ տուն յաջորդ տարի, երբ ան ժամանէ Ուաշինկթըն Ազգային աղօթքի նախաճաշին մասնակցելու: Անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպման»,- յայտնած է Թրամփ։

Անոր խօսքով՝ հանդիպման ընթացքին կրնան քննարկել տարածաշրջանային խաղաղութեան յառաջմղման եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հարցերը։

ԱՄՆ նախագահը անդրադարձած է նաեւ «TRIPP զարգացման ընկերութեան» մեկնարկին՝ ընդգծելով հայ-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան նշանակութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment