Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ստացած Ենք Հայաստանի Անհրաժեշտ Հաւաստիացումները». Իրանի ԱԳՆ-ն՝ TRIPP-ի Մասին

«Ստացած Ենք Հայաստանի Անհրաժեշտ Հաւաստիացումները». Իրանի ԱԳՆ-ն՝ TRIPP-ի Մասին

by MassisPost

«Իրանի սահմանին որեւէ ռազմական եւ կամ անվտանգային ուժի ներկայութիւնը անընդունելի է, եւ հայկական կողմը այդ մասին տուած է անհրաժեշտ հաւաստիացումները»,- Նոյեմբեր 23-ին յայտնած է Իրանի Արտաքին գործերբւ նախարարութեան մամուլի խօսնակ Էսմայիլ Պաղային՝ TRIPP նախագիծին անդրադառնալով։

Իրանցի պաշտօնեան վերահաստատած է հարցին շուրջ Թեհրանի սկզբունքային դիրքորոշումը. «Իրանի սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, եւ Թեհրանը կ’աջակցի տնտեսական փոխգործակցութեան ընդլայնումը։ Այնուամենայնիւ պէտք է յարգուին յարակից երկիրներու մտահոգութիւններն ու հետաքրքրութիւնները, պէտք չէ տեղի ունենան աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ եւ պէտք չէ թոյլատրուի երրորդ պետութիւնները սասանելու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը»,- յայտնած է իրանցի պաշտօնեան։

Միաժամանակ Պաղայի շատ բարձր գնահատած է Հայաստանի ու Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները՝ նշելով փոխվստահութեան բարձր մակարդակին մասին։

«Հայաստանի ու Իրանի միջեւ վստահութեան շատ բարձր մակարդակ գոյութիւն ունի։ Հայաստանի անկախացումէն իվեր ձեւաւորուած դրական կապերը նպաստած են երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման։ Իրանն ու Հայաստանը տեղեակ են երկու ժողովուրդներուն միջեւ երկաժամկէտ յարաբերութիւններու կարեւորութեան մասին»,- նշած է Պաղայի։

Իրանի արտաքին գործերու նախարարին յայտարարութիւնները կը համընկնին Նոյեմբեր 23-ին Հայաստանի հարաւը TRIPP նախագիծի գործնական աշխատանքներու մեկնարկին հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment