Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Չեխիան Կրնայ Աջակցիլ Եւ Պիտի Աջակցի Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւններուն»․ Չեխիոյ Վարչապետ

«Չեխիան Կրնայ Աջակցիլ Եւ Պիտի Աջակցի Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւններուն»․ Չեխիոյ Վարչապետ

by MassisPost

Մայիս 5-ին վարչապետ Փաշինեան երկօրեայ պետական այցով ժամանեց Փրակ:

Չեխիոյ վարչապետ Փեթեր Ֆիալանի հետ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ համատեղ ասուլիս, որուն ընթացքին Փեթեր Ֆիալան յայտնեց, որ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ աւելի խորացնելու ցանկութիւն ունին, նման հնարաւորութիւններ կը տեսնեն տնտեսութեան, գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ:

Չեխիոյ վարչապետը յատկապէս առանձնացուց միջուկային ուժանիւթի ոլորտը` նշելով, որ չեխ գիտնականները ներգրաւուած են Մեծամօրի աթոմակայանի անվտամգութեան բարելաւման աշխատանքներուն, կը մասնակցին ընթացիկ վերանորոգումներուն: Ֆիալան այդ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն որակեց:

«Կրնանք արդիւնաւէտ բարձրակարգ արհեստագիտութիւններ առաջարկել Հայաստանին, օրինակ, խելացի քաղաքներու բնագաւառին մէջ», ըսաւ Չեխիոյ վարչապետը` նշելով, որ համագործակցութիւնը օդային փոխադրութեան բնագաւառին մէջ եւս կը շարունակէ խորանալ:

«Կայ ծրագիր, հնարաւոր է, որ արտադրուին փոքր օդանաւեր Ստեփանաւան քաղաքին մէջ», ըսաւ Ֆիալան:

«Մենք համաձայն ենք Եւրոմիութեան դիրքորոշման հետ այդ հարցով: Մենք հաւատացած ենք, որ պէտք է հնարաւոր բոլոր քայլերը ձեռնարկուին` որպէսզի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի ԼՂ-ի եւ ամբողջ Կովկասի տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Չեխիոյ վարչապետը` շարունակելով․ «Ինչ կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկումներուն, ապա մենք կը կարեւորենք այն հանգամանքը, որ կնքուի խաղաղութեան պայմանագիր, որ ընդունելի պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար: Եւ վարչապետին հետ մեր քննարկման ընթացքին ես հասկցայ, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդմամբ»:

Չեխիոյ կառավարութիւնը, Ֆիալանի խօսքով, կրնայ աջակցիլ եւ պիտի աջակցի խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն եւ այն ջանքերուն, որոնք պիտի յանգեցնեն տարածաշրջանին մէջ կայունացման:

«Չեխիոյ եւ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու միասնական նպատակն է հասնիլ կայունութեան տարածաշրջանին մէջ եւ մնայուն, տեւական խաղաղութեան, որ կը նշանակէ նաեւ երաշխաւորել Հայաստանի իրաւունքները, երաշխաւորել հայերուն իրաւունքները: Այդ կարեւոր հանգամանք է», ըսաւ Չեխիոյ վարչապետը:

Փաշինեանը, իր հերթին, բարձր գնահատեց համագործակցութիւնը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազամակողմ ձեւաչափերու մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովրդավարութեան աջակցելու համար:

Իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ մնալ լարուած, յայտնեց Փաշինեան` կրկին որպէս պատճառ նշելով Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի կիրառման սպառնալիքի քաղաքականութեան շարունակականութիւնը, որ անընդհատ կը սրէ իրավիճակը Հայաստանի հետ սահմանին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ Լաչինի միջանցքին:

«Լաչինի միջանցքում անցակէտ տեղադրելու Ատրպէյճանի որոշումը եւ դրան նախորդած միջանցքի արգելափակումը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Փետրուարին կայացրած միջանկեալ որոշման կոպիտ խախտում են», ըսաւ Հայաստանի գործադիրի ղեկավարը:

Փաշինեանի խօսքով` միջազգային հանրութիւնը պէտք է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին յստակ եւ հասցէական գնահատական տա, մանաւանդ, որ, ինչպէս վարչապետը ըսաւ, Ատրպէյճանի` վերը նշուած գործողութիւնները Ղարաբաղի մէջ հայերու ցեղային զտումներ իրականացնելու նախապատրաստութիւններ են:

«Այս ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք խմբի առաքումը համարում ենք անհրաժեշտ: Միեւնոյն ժամանակ, ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւնների, Հայաստանի կառավարութիւնը որդեգրել է խաղաղութեան օրակարգ», ըսաւ Փաշինեան:

Հայաստանը լիարժէք ներգրաւուած է Ատրպէյճանի հետ բանակցային գործընթացին մէջ եւ յառաջիկային ալ ներգրաւուած պիտի մնայ` տրամադրուած ըլլալով արդիւնքներ արձանագրել եւ ոչ թէ բանակցիլ` բանակցելու համար, նշեց Հայաստանի վարչապետը` յոյս յայտնելով, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի ուժի եւ ուժի սպառնալիքի քաղաքականութենէն:

«Ակնկալում ենք, որ միջազգային հանրութիւնը եւս Ատրպէյճանին ուղղուած նման ուղերձով հանդէս կը գայ», ըսաւ Փաշինեան:

Մինսքի Խումբի երկիրները մտահոգութիւն յայտնած են անցակէտ տեղադրելու Պաքուի որոշման առնչութեամբ:

Վարչապետ Փաշինեան Փրակի մէջ է երկօրեայ պետական այցով: Բացի չեխ պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն, նախատեսուած են նաեւ այլ բարձր մակարդակի հանդիպումներ` նախագահ Փեթր Փաւելի, Օրէնսդիր Մարմինի ղեկավարութեան հետ:

«Ազատութեան» տեղեկութիւններով` Փաշինեան պիտի հանդիպի նաեւ Չեխիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment