Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Միջնորդէ Վազգէն Մանուկեանին Տուգանել 500 Հազար Դրամի Չափով

Դատախազութիւնը Կը Միջնորդէ Վազգէն Մանուկեանին Տուգանել 500 Հազար Դրամի Չափով

by MassisPost

Վազգէն Մանուկեանի գործով դատական նիստին դատախազ Արմէն Գէորգեանը մեղադրական ճառի ժամանակ միջնորդեց պատերազմէն յետոյ ստեղծուած ընդդիմադիր «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը» առաջնորդած ընդդիմադիր գործիչը տուգանել նուազագոյն աշխատավարձի 500-ապատիկի չափով:

77-ամեայ Մանուկեանը կը մեղադրուի իշխանութիւնը զաւթելուն եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու համար: Ընդդիմադիր գործիչը, սակայն, չ’ընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը:

Դատախազը յայտնեց, որ պատիժը մեղմացնող հանգամանք եղած են Մանուկեանի տարիքը, նախապէս անոր զբաղեցուցած պաշտօնները:

Արմէն Գէորգեանը դատարանէն նաեւ պահանջեց մինչ դատավճռի հրապարակումը անփոփոխ թողել ամբաստանեալին նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը` ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին:

Մինչ մեղադրող կողմը կը յայտարարէ, որ մեղադրանքը ապացուցուած է, պաշտպանական կողմը կը պնդէ, որ Մանուկեանի յայտարարութիւնները չեն կրնար համարուիլ իշխանութիւնը զաւթելուն եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր: Ըստ պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանի` անոնք բռնութեան ուղերձներ չեն, այլ՝ քաղաքական քննադատութիւն:

Պաշտպանական կողմը խնդրեց արդարացնել Վազգէն Մանուկեանը:

Նիստը յետաձգուեցաւ, յաջորդը նշանակուեցաւ Ապրիլ 29-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment