Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերուն Կողմէ Արցախի մէջ Զինադադարի Խախտումը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ատրպէյճանական Զինուած Ուժերուն Կողմէ Արցախի մէջ Զինադադարի Խախտումը

by MassisPost

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատած է ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի մէջ զինադադարի խախտումը:

Ասկերանի շրջանին մէջ զինադադարի խախտում արձանագրուած է: Նոյեմբեր 12-ին` 15:30-ին ատրպէյճանական դիրքէն հրաձգային զէնքի կիրառմամբ կրակ բացուած է Խրամորթէն 1,8 քմ դէպի արեւելք ինկած տարածքին մէջ գիւղատնտեսական գործիքի օգտագործմամբ հողագործական աշխատանքներ կատարող տեղացի բնակիչի վրայ: Գնդակոծութեան հետեւանքով տեղացի բնակիչը թեթեւ վիրաւորուած է, գործիքը աննշան վնասուածքներ ստացած է: Այս փաստով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական կողմի հետ հետաքննութիւն կը կատարէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment