Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զախարովա Անդրադարձած Է Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Ատրպէյճանական Քննադատութեան

Զախարովա Անդրադարձած Է Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Ատրպէյճանական Քննադատութեան

by MassisPost

Ռուսիա որեւէ փրոփականտիստական արշաւի` ըլլայ այն լրատուական տիրոյթին, թէ քաղաքականութեան մէջ, վատ կը վերաբերի: Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Ռուսիո Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` պատասխանելով ռուս խաղաղապահներու հասցէին ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներու մէջ  պարբերաբար յայտնուող քննադատութիւններու մասին հարցին:

«Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներու դերին եւ անոնց գործունէութեան գնահատականին, երեք երկիրներու ղեկավարները (նկատի ունի Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա – Խմբ.) Սոչիի մէջ կայացած գագաթաժողովին նշած են ռուսական զօրախումբի նշանակալի ներդրումը անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ եւ ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայունացնելու ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը: Որեւէ դրական, կառուցողական ու ստեղծագործ նախաձեռնութիւն միշտ բացասական ալիք կ’առաջացնէ: Այդ, ցաւօք, աշխարհի կանոնն է», եզրափակեց Զախարովա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment