Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Կ’օգտագործենք «Երթուղի» Եզրը. Մարիա Զախարովան Շտկեց Թուրք Լրագրողին` «Զանգեզուրի Միջանցք»ի Մասին Հարցը

Մենք Կ’օգտագործենք «Երթուղի» Եզրը. Մարիա Զախարովան Շտկեց Թուրք Լրագրողին` «Զանգեզուրի Միջանցք»ի Մասին Հարցը

by MassisPost

Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` ի պատասխան թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան թղթակիցի հարցին, յստակացուցած է, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող հնարաւոր ճանապարհի պարագային իրենք կ’օգտագործեն ոչ թէ «միջանցք», այլ «երթուղի» եզրը:

Ճեպազրոյցի ժամանակ «Անատոլու» գործակալութեան լրագրողը Մարիա Զախարովային հարցուցած է, թէ ինչպէս Ռուսիան կը գնահատէ ջանքերը «Զանգեզուրի միջանցք»ի կազմակերպման ուղղութեամբ, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ:

Մարիա Զախարովան պատասխանած է. «Մենք կ’օգտագործենք «երթուղի» եզրը: Տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման հարցը քննարկուած է Սոչիի գագաթաժողովի ընթացքին, եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ համատեղ աշխատանքը պիտի շարունակուի երեք երկիրներու փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment