Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳՆ-ին Մէջ Յախուռն Ու Ոչ-դաշնակցային Որակած Են Պելառուսիոյ Նախագահին Յայտարարութիւնները

ՀՀ ԱԳՆ-ին Մէջ Յախուռն Ու Ոչ-դաշնակցային Որակած Են Պելառուսիոյ Նախագահին Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը արձագանգած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Խորհուրդի վերջին նիստին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հնչեցուցած յայտարարութիւններուն:

«Պելառուսի նախագահի յախուռն, բանակցութիւնների տրամաբանութիւնից կտրուած եւ ամենեւին ոչ դաշնակցային֊գործընկերային յայտարարութիւնները, որոնք հարցականի տակ են դնում իր իսկ կողմից ՀԱՊԿ շրջանակներում ստորագրած անդամ-պետութեան պարտաւորութիւնները, մեկնաբանելը տեղին չենք համարում», «Արմենփրես»-ի հարցման ի պատասխան` ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ-ի մամուլի քարտուղար Վահան Յունանեանը:

ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին ժամանակ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն յայտնած էր, որ ճիշդ պիտի չըլլայ ՀԱՊԿ-ը հակադրել Ատրպէյճանին: «Հարցը դնել մէկ կողմէ ՀԱՊԿ-ը դուք մեզ հետ էք, կամ ոչ, իսկ միւս կողմէ` Ատրպէյճանը, կարելի չէ, այդ ճիշդ չէ: Ատրպէյճանը այժմ կը գլխաւորէ բացարձակապէս մեր մարդը` Իլհամ Ալիեւը: Ինչ պիտի ըլլայ վաղը, չէ՞ որ ան յաւերժ չէ, ոչ մէկը գիտէ, ուստի այդ հարցերը պէտք է լուծել հիմա», ըսած է Պելառուսիոյ նախագահը` ընդգծելով, որ ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ Հայաստանը Պելառուսիոյ համար «հարազատ» երկիրներ են, եւ հակամարտութիւնը երկու երկրիներուն միջեւ պէտք է կարգաւորուի բացարձակապէս խաղաղ ճանապարհով:

Լուքաշենքօն նաեւ նշած է, որ Պելառուսիան եւ ինքը` որպէս նախագահ, պիտի սատարեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համաձայնեցուած որեւէ որոշման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment