Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Մտադիր Է Փոխել ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը

Կառավարութիւնը Մտադիր Է Փոխել ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստանալու Կարգը

by MassisPost

Գաղթի աննախադէպ հոսքի պայմաններուն մէջ կառավարութիւնը մտադիր է փոխել Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը` յստակացնելով այն պահանջները, որոնք բաւարարելու պարագային օտարերկրացիները պիտի կարենան դիմել կապոյտ անձնագրի համար:

Առնուազն 150 հազար տոլարի ներդրումներ Հայաստանի մէջ, անշարժ գոյքի, պետական պարտատոմսերու ձեռքբերում, յաջողութիւններ գիտութեան ու առողջապահութեան բնագաւառներու մէջ եւ շարք մը այլ պայմաններ: Կառավարութիւնը բազմաթիւ նոր չափորոշիչներ կ’առաջարկէ: Ոստիկանութեան մշակած այս նախագիծը օրերս հրապարակուած է նախագիծերու Edtaft.am կայքին մէջ, այժմ հանրային քննարկման փուլն է:

Աւելի վաղ խորհրդարանին մէջ քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու մասին խօսելով փոխոստիկանապետ Արա Ֆիտանեան ընդգծած էր, որ նախաձեռնութիւնը օրհասական է. «Բոլորիս քաջ յայտնի պատճառներից ելնելով` այս տարուայ ընթացքում, յատկապէս վերջին երկու ամիսների ընթացքում ահռելի մեծ ծաւալների է հասել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմողների թիւը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու անձնագիր եւ նոյնականացման քարտ ստանալու համար դիմողների թիւը: Եւ նման պարզաբանումները այս պահի դրութեամբ իրականում օրհասական են»:

Գործող օրէնքով քաղաքացիութիւն կրնայ տրամադրուիլ Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած մարդոց, հայազգիներուն, Հայաստանի քաղաքացիի հետ ամուսնացածներուն: Քաղաքացիութիւն կրնայ շնորհուիլ նաեւ պետութեան բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած անձանցերու, բայց այս դրոյթի չափորոշիչները ամրագրուած չէին: Նախագիծով կառավարութիւնը կը յստակացնէ պահանջները:

Նախագիծը քանի մը բաժիններ ունի: Առաջինը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ նշանակալի աւանդի մասին է. առնուազն 150 հազար տոլարի ներդրումներ, գոյքի ձեռքբերում, IT ոլորտին մէջ աշխատանքի բազմամեայ փորձ, IT ընկերութիւններու հիմնում եւ այլն:

Եթէ առաջարկը օրէնքի ուժ ստանայ, միւս կէտով քաղաքացիութեան համար պիտի կարենան դիմել փորձառու գիտնականները, հայկական մշակոյթի տարածման նպաստողները, բարեգործները: Բժշկութեան ոլորտին մէջ փրոֆէսորի կոչում ունենալը եւս հիմք կրնայ ըլլալ: Սա կը վերաբերի նաեւ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ Հայաստանի կամ Արցախի մէջ բժշկական օգնութիւն տրամադրած օտարերկրացիներուն:

Այդուհանդերձ, այս հիմքերը դեռ չեն երաշխաւորեր, որ դիմողը անպայման Հայաստանի քաղաքացիութիւն պիտի ստանայ, կ’ըսէ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութիւնը հինգ տարի ղեկավարած Մնացական Բիչախչեանը. «Սա դեռեւս չի նշանակում, որ անձը եթէ ձեռք բերեց գոյք, պէտք է դիմի, քաղաքացիութիւն անպայման շնորհուի նրան: Ոչ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment