Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Որոշում Կայացուց Հայաստանի Սահմանին Դիտորդներ Տեղակայելու

ԵՄ-ն Որոշում Կայացուց Հայաստանի Սահմանին Դիտորդներ Տեղակայելու

by MassisPost

Եւրոմիութեան Խորհուրդը այսօր որոշածէ ԵՄ-ի մինչեւ 40 վերահսկող փորձագէտներ տեղակայել Ատրպէյճանի հետ միջազգային սահմանի հայկական կողմը` տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի վերահսկողութեան, վերլուծութեան եւ զեկուցման նպատակով: Այս որոշումը յաջորդած է Հոկտեմբեր 6-ին նախագահ Ալիեւի, վարչապետ Փաշինեանի, նախագահ Մաքրոնի եւ նախագահ Միշէլի քառակողմ հանդիպման ընթացքին եւ նպատակ ունի նպաստել տարածքին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման, վստահութեան ամրապնդման եւ միջազգային սահմանի սահմանազատման, կ’ըսուի ԵՄ հաղորդագրութեան մէջ:

«ԵՄ-ի կողմէ մինչեւ 40 ԵՄ վերահսկող փորձագէտներու տեղակայումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի երկայնքով նպատակ պիտի ունենայ վստահութիւն ստեղծել անկայուն իրավիճակին մէջ, որ վտանգի տակ կը դնէ մարդոց կեանքը եւ կը վտանգէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը: Սա Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու վերջնական նպատակին նպաստելու ԵՄ լիակատար յանձնառութեան եւս մէկ ապացոյց է», ըսած է Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը:

ԵՄ վերասհսկողական կարողութիւններու արագ տեղակայումը ապահովելու նպատակով որոշուած է, որ վերահսկող փորձագէտները ժամանակաւորապէս տեղակայուին Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութենէն (EUMM Georgia): Դիտորդական առաքելութիւնը պիտի ունենայ ժամանակաւոր բնոյթ եւ սկզբունքօրէն պիտի չտեւէ երկու ամիսէն աւելի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment