Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ Աշնանային Նստաշրջանը Մեկնարկեց Առանց Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններուն

ԱԺ Աշնանային Նստաշրջանը Մեկնարկեց Առանց Ընդդիմադիր Խմբակցութիւններուն

by MassisPost

Մեկնարկած է Ազգային Ժողովի ութերորդ գումարման չորրորդ նստաշրջանը, օրակարգին կայ 45 հարց, այդ շարքին` Սահմանադրական դատարանի դատաւորներիու ընտրութիւնը: Թեկնածուներն են Սեդա Սաֆարեանը եւ Յովակիմ Յովակիմեանը:

Գործող դատաւորներ Արեւիկ Պետրոսեանի եւ Աշոտ Խաչատրեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ այս տարուան Դեկտեմբերին եւ կառավարութիւնն ու նախագահականը նոր թեկնածուներ առաջադրած են:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չի մասնակցիր նիստին: Ուրբաթ օրը ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ կը շարունակեն քաղաքական պոյքոթը:

Ընդդիմադիրները սկսան պոյքոթել ԱԺ նիստերը Մայիսէն` Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու մասին` վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութենէն յետոյ: Փողոցային պայքար սկսան, խորհրդարան կու գային յատուկենտ պարագաներու:

Իշխանական «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը սպառնացած էր, բայց ի վերջոյ չսկսաւ ընդդիմադիրները մանտաթներէ զրկելու գործընթաց` չբացառելով, սակայն, որ այդ կրնան այս նստաշրջանին ընել, եթէ ընդդիմադիրներու բացակայութիւնները շարունակուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment