Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմադիր «Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնները Պիտի Չմասնակցին ԱԺ Նիստերուն

Ընդդիմադիր «Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնները Պիտի Չմասնակցին ԱԺ Նիստերուն

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին Ազգային Ժողովի նիստերուն:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է ծաւալուն յայտարարութեամբ, որուն մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ պիտի շարունակեն կիրառել քաղաքական պոյքոտի գործիքը: «Այն է` չենք մասնակցելու ոչ-առաջնային, յաճախ էլ արհեստական օրակարգերով լեցուն ԱԺ եւ նրա յանձնաժողովների նիստերին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Խմբակցութենէն ընդգծած են, որ խորհրդարանական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պայմանաւորուած է հանրային աջակցութիւն ստացած օրակարգերու յառաջմղմամբ: «Այն է` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը, օրուայ իշխանութիւնների պաշտօնանկութիւնը, երկրի հզօրացման ազգային-պետական ուղեգծի հաստատումը», նշած են յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment