Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ «Սուրմալու»ի Պայթումէն Զոհուածներուն Հարազատները 3 Միլիոն Դրամ Միանուագ Օգնութիւն Պիտի Ստանան

«Սուրմալու»ի Պայթումէն Զոհուածներուն Հարազատները 3 Միլիոն Դրամ Միանուագ Օգնութիւն Պիտի Ստանան

by MassisPost

Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւնը հրապարակած է «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով զոհուած ու վիրաւորում ստացած անձերուն եւ անոնց ընտանիքներուն ընկերային աջակցութիւն տրամադրելու որոշման նախագիծը:

Անոր համաձայն, կը նախատեսուի պայթումին հետեւանքով զոհուած անձերու, ինչպէս նաեւ` անյայտ կորսուած անձի ընտանիքներուն վճարել իւրաքանչիւր զոհուածի համար 3.000.000 դրամ միանուագ աջակցութիւն:

Պայթումին հետեւանքով վիրաւորում (խեղում, վնասուածք) ստացած քաղաքացիները պիտի ստանան մինչեւ 300.000 դրամ աջակցութիւն, բայց միայն այն պարագային, եթէ հիւանդանոցային բուժում ստացած են: Ընդ որում, մինչեւ երեք օր ­բուժման մէջ գտնուած անձերուն պիտի տրամադրուի 150.000 դրամ, իսկ երեք եւ աւելի օր բուժման մէջ գտնուած անձերուն` 300.000 դրամ:

Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութիւնը նաեւ նախնական հաշուարկներ ներկայացուցած է, որոնց համաձայն, ծրագրի շահառու կը հանդիսանան 24 վիրաւորում ստացած անձեր, որոնցմէ 17-ը` 150.000 դրամ, 7-ը` 300.000 դրամ: 16 զոհուած ու 1 անյայտ կորսուած անձերու ընտանիքներուն պիտի տրուի ընդհանուր 51.000.000 դրամ` իւրաքանչիւրին համար 3.000.000 դրամ: Այս հաշուարկով ընկերային աջակցութեան ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 55.650.000 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment