Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պէտք Է Աշխուժօրէն Քննարկենք ԼՂ Հարցը Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններէն Տարանջատելու Տարբերակը. ԱԽ Քարտուղար

Պէտք Է Աշխուժօրէն Քննարկենք ԼՂ Հարցը Հայաստան-Ատրպէյճան Յարաբերութիւններէն Տարանջատելու Տարբերակը. ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Պէտք է աշխուժօրէն քննարկենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններէն տարանջատելու տարբերակը, «Արմենփրես»ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Արդեօ՞ք սա կը նշանակէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքում առանց ղարաբաղեան խնդիրի վերջնական լուծման. Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը կ’ըսէ` նման գաղափար կայ:

«Մենք բազմիցս ենք ասել, որ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը մեզ համար տարածքային հարց չէ: Այդ առումով մեզ համար սկզբունքային է Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», նշած է Գրիգորեան` յաւելելով, որ Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան ապահովման համար ռուսական զօրակազմի առկայութիւնը միջազգային երաշխիք է:

«Այդ երաշխիքի հետագայ կատարելագործման վրայ պէտք է աշխատել, բայց ԼՂ հիմնախնդրի սահմանազատման կարեւոր գաղափար է», ընդգծած է ԱԽ քարտուղարը:

Անդրադառնալով ամիսներ առաջ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Պաքուի ներկայացուցած հինգ կէտնոց առաջարկին, Արմէն Գրիգորեան վերստին հաստատած է պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` անոնց մէջ անընդունելի ոչինչ կայ:

Ամիսներ առաջ պաշտօնական Երեւանը արձագանգելով Պաքուին, կը յայտարարէր` Հայաստանը պատրաստ է յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման, ուր ներառուած պիտի ըլլայ նաեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, չյստակացնելով սակայն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի համար ինչպիսի կարգավիճակ կը պատկերացնեն: Երեւանը միայն կը նշէ, որ ԼՂ հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլ՝ իրաւունքներու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment