Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին Թոյլ Չեն Տուած Մտնել Արցախ

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին Թոյլ Չեն Տուած Մտնել Արցախ

by MassisPost

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր, արտաքին գործերու նախկին նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին թոյլ չեն տուած մտնել Արցախ: Ստեփանակերտ երթալու ճանապարհին ռուս խաղաղապահները, ըստ Յովհաննիսեանի, ինչ-որ փաստաթուղթ ցոյց տուած են` Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի լուսանկարով եւ զայն Ղարաբաղ չթողնելու յանձնարարութեամբ:

Յովհաննիսեանների ընտանիքը Արցախ կը մեկնէր թոռնիկին կնունքին մասնակցելու:

«Փոքրաթիւ խմբով մեկնում էինք Ստեփանակերտ, պէտք է Մարտունու շրջանի Նոր Շէն գիւղում տեղի ունենար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի թոռան` Կարին Յովհաննիսեանի տղայի կնունքը», ըսաւ Յովհաննիսեանին օգնականը:

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի օգնական Մամիկոն Սարգսեան կը պատմէ, որ մօտաւորապէս ցերեկը 2-ին արդէն անցակէտն էին, ուր ռուս խաղաղապահները մանրակրկիտ ստուգած են Յովհաննիսեաններու ԱՄՆ քաղաքացի հիւրերը, որոնք նախօրօք ստացած էին Արցախ մտնելու թոյլտուութիւն, ապա միայն ժամեր անց` արդէն երեկոյեան յայտնած են, որ ամբողջ խումբէն չեն կրնար թոյլ տալ Ստեփանակերտ հասնիլ նոյնինքն Ռաֆֆի Յովհաննիսեանին:

«Ինչ-որ բան այն չէր, բայց քանի որ վիզան, ամէն ինչ բնական էր, պէտք է ինչ-որ խնդրայարոյց չլինէր, վերջում խաղաղապահներից մէկը մօտեցաւ պարոն Յովհաննիսեանին` «կը ներէք, բայց ձեր մուտքն Արցախ արգելուած է»: Ցոյց տուեց իր հեռախօսով, որտեղ պարոն Յովհաննիսեանի նկարն էր, տակը գրուած, որ «Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի մուտքը Արցախ արգելուած է», ներկայացուց Սարգսեանը:

Թէ որո՞ւ կողմէ եղած է արգելքի յանձնարարութիւնը, յստակ չէ. ըստ Յովհաննիսեանի օգնականին, փաստաթուղթին տակ որեւէ կնիք կամ ստորագրութիւն չէ եղած: Մերժումը փոխանցուած է բանաւոր, ըստ կուսակցութեան գրասենեակին, «ռուս զինուորականները որեւէ յօդաբաշխ պատճառ կամ հիմնաւորում չեն բերած», բայց «հաստատած են, որ արգելքը կրնայ ըլլալ պաշտօնական Երեւանի «ամենավերեւէն»

Դէպքին ականատես Մամիկոն Սարգսեանը, սակայն, անձամբ չէ լսած, որ խաղաղապահները կ’ակնարկեն, որ պաշտօնական Երեւանը արգիլած է Յովհաննիսեանի մուտքը Արցախ. «Ոչ, որեւէ ակնարկ չեն արել, պարզապէս իրենք խօսքի մէջ ասում էին, որ «մենք զինուոր ենք, մենք որեւէ մեկնաբանութիւն չենք կարող տալ, դա ձեր իշխանութիւնների, թէ իմ վերադասի հրահանգն է, եւ ես կատարում եմ այն», թէ մնացածը ինչ, ոնց, զինուորները մեզ ոչինչ չասացին»:

Արցախ չմեկնած Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը, սակայն, կը համարէ, որ արգելքի ետին կանգնած են Հայաստանի իշխանութիւնները: Գորիսի մէջ գտնուող ընդդիմադիր գործիչը յայտարարութիւն տարածած է՝ պնդելով, այս ամէնուն ետին «ձախողուած առաջնորդն է, որը յանուն իրական տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, պէտք է հեռանայ` իր այլատեաց հարեւանի հետ մէկտեղ»: Նաեւ կը նշեն, որ Արցախի իշխանութիւնները փորձած են հարթել իրավիճակը, բայց ապարդիւն:

«7-ից մինչեւ 11 մի քանի ժամ փորձում էին Արցախի իշխանութիւնների ներկայացուցիչների միջոցով հարցը կարգաւորել, թէ ինչում է խնդիրը, որեւէ պատճառաբանութիւն չէին տալիս, այդպէս մինչեւ 11 սպասելուց յետոյ տեսանք, որ այդ հարցը չի լուծւում, մեր խումբը մեկնեց Ստեփանակերտ, եւ պարոն Յովհաննիսեանը վերադարձաւ Գորիս», պատմեց Մամիկոն Սարգսեանը:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսնակը ըսաւ, որ տեղի ունեցածը չեն մեկնաբաներ: Միջադէպին ականատես Մամիկոն Սարգսեանը, սակայն, կը պատմէ, որ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներն ալ զարմացած էին:

«Իրանք անակնկալի եկան, որ «ինչպէս կարող է, հնարաւոր չի, դա բացառւում է», ու անակնկալի գալով` «սպասէք, 10 րոպէից այդ հարցը կը լուծուի, 20 րոպէից այդ հարցը կը լուծուիէ, եւ այդպէս դա տեւեց ժամեր, մինչեւ 11», ըսաւ Յովհաննիսեանի օգնականը:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ «Յովհաննիսեանի մուտքը Արցախ արգիլած են ռուս խաղաղապահները, մնացածը պէտք է ճշդել անոնցմէ»: Խաղաղապահները որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս չեն եկած, ԱԱԾ խօսնակը բանաւոր զրոյցի մէջ այդպէս ալ յստակ չպատասխանեց հարցին` թէ արդեօ՞ք ՀՀ իշխանութիւնները կապ ունին Յովհաննիսեանի` Արցախ մուտքի արգելքին հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment