Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Դէմ Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Հետ Իր Սահմանի Արգելափակման Քաղաքականութեան. Այաթոլլա Ալի Խամինէի

Իրան Դէմ Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Հետ Իր Սահմանի Արգելափակման Քաղաքականութեան. Այաթոլլա Ալի Խամինէի

by MassisPost

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամինէին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ պիտի ըլլայ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութեան:

«Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը փակելու քաղաքականութիւն ըլլայ, Իսլամական Հանրապետութիւնը դէմ հանդէս պիտի գայ նման որոշման, քանի որ այս սահմանը հազարամեակներու վաղեմութիւն ունեցող հաղորդակցութեան ճանապարհ է», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախագահին եւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարած է նաեւ «Ալ Ժազիրա»-ն` նշելով, որ Խամինէին եւ Էրտողանի անդրադարձած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին, որուն ժամանակ Թուրքիան Ատրպէյճանին ցուցաբերած է, ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքական աջակցութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment