Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Ամբողջովին Դուրս Կը Հանէ Իր Զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն. Ըստ ԱԽ Քարտուղարին

Հայաստանը Ամբողջովին Դուրս Կը Հանէ Իր Զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն. Ըստ ԱԽ Քարտուղարին

by MassisPost

Արցախի մէջ Հայաստանէն զօրակոչուած ժամկէտային զինուորներ պիտի չըլլան, իսկ պատերազմի ընթացքին Պաշտպանութեան բանակին օգնելու համար Արցախ գացած ստորաբաժանումներու` Հայաստան վերադառնալու գործընթացը պիտի աւարտի Սեպտեմբերին, «Արմենփրես»ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը:

«Հրադադարի հաստատումից եւ Ղարաբաղում Ռուսաստանի խաղաղապահների տեղակայումից յետոյ Հայաստանի Զինուած Ուժերի ստորաբաժանումների դուրսբերումը Ղարաբաղից տրամաբանական է: Ինչ վերաբերում է Պաշտպանութեան բանակին, այն Լեռնային Ղարաբաղում է եղել եւ շարունակում է այնտեղ մնալ», նշած է ան:

Արմէն Գրիգորեան աւելցուցած է, որ այնուամենայնիւ, Հայաստանէն Պաշտպանութեան բանակ պայմանագրայիններ չեն զօրակոչուիր, Լեռնային Ղարաբաղը կը կազմակերպէ պայմանագրայիններու ներգրաւումը:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը պնդած է, որ անվտանգութեան առումով ոչինչ պիտի փոխուի Արցախի մէջ, որովհետեւ այնտեղ նախապէս ալ անվտանգութեան ապահովման գործը եղած է Պաշտպանութեան բանակի ուսերուն: Ապա յաւելած է, որ Լեռնային Ղարաբաղին մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու տեղակայումը անվտանգութեան երաշխիք պիտի ըլլայ:

Դիտարկմանը, թէ Մարտին ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ ատրպէյճանական ուժերու յառաջխաղացումը Փառուխի ուղղութեամբ ցոյց տուաւ, որ այդ այդպէս չէ, պաշտօնեան արձագանգած է. «Փառուխի դէպքերը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում են: Ռուսաստանի Դաշնութիւնը մեզ հաւաստիացրել է, որ ներխուժած ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս գան այնտեղից, եւ մենք յոյս ունենք, որ խաղաղապահ ուժերը կ’ապահովեն ապօրինի ներխուժած ստորաբաժանումների դուրսբերումը խաղաղապահ ուժերի պատասխանատուութեան գօտուց»:

Արմէն Գրիգորեանի` Ղարաբաղի զօրակոչի թեմայով հարցազրոյցը կը յաջորդէ անցեալ շաբթուան վերջը Ատրպէյճանի նախագահի ծաւալուն ելոյթին, ուր ան յայտարարած էր, որ 44-օրեայ պատերազմէն  աւելի քան1.5 տարի անց Հայաստանը դեռ չէ կատարած ստանձնած պարտաւորութիւնները, մինչդեռ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը Պաքուի մէջ խոստացած էր, որ հայկական զօրքերը մինչեւ Յունիս դուրս պիտի բերուին Ղարաբաղէն:

«Հայաստանը` որպէս պատերազմը պարտուած կողմ, պարտաւորութիւններ ստանձնած է, որոնք յստակ ամրագրուած են Նոյեմբերի 10-ի յայտարարութեամբ: Անոնցմէ մէկը հայկական զինուած ուժերու դուրսբերումն է Ղարաբաղէն: Սակայն մինչ օրս այդ չէ իրագործուած: Մենք բազմիցս բարձրացուցած ենք այս հարցը, սակայն Հայաստանը կը ձգձգէ», ըսած էր Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment