Home Uncategorized Հայաստանը Յանձնառու Է Շարունակելու Ժողովրդավարական Ուղին. ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը

Հայաստանը Յանձնառու Է Շարունակելու Ժողովրդավարական Ուղին. ՀՀ Վարչապետը Ընդունած Է Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով ԵԽ Գլխաւոր քարտուղարին այցը` վարչապետը նշած է, որ որպէս ԵԽ անդամ երկիր` Հայաստանը յանձնառու է շարունակելու ժողովրդավարական ուղին եւ կը կարեւորէ համագործակցութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման, անկախ դատական համակարգի կայացման գործընթացին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան արդիւնաւէտ գնահատած է ԵԽԽՎ-ի, ՄԻԵԴ-ի հետ աշխատանքը եւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձի խնդիրին, որուն ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութիւնը սերտօրէն կ’աշխատի ՄԻԵԴ-ի հետ: Վարչապետը կարեւորած է միջազգային հանրութեան, նաեւ ԵԽ աջակցութիւնը խնդիրի լուծման եւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ գլխաւոր քարտուղարին հարցին բազմակի անդրադառնալու համար:

Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչ նշած է, որ Եւրոպայի Խորհուրդը կ’արժեւորէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը եւ իր այցին նպատակն է աւելի ամրապնդել զայն: Ան ողջունած է ՀՀ ժողովրդավարական բարեփոխումները, որոնց ուղղութեամբ Հայաստանը տեսանելի յառաջընթաց կ’արձանագրէ, եւ բարձր գնահատած է 2021 թուականի միջազգային չափանիշերուն համապատասխան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, որոնք ազատ էին եւ մրցակցային:

Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի հարցերուն: Քննարկման առարկայ դարձած են արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխման ընթացքն ու մարտահրաւէրները: Վարչապետը նշած է դատական համակարգին հանդէպ հանրային վստահութեան բարձրացման կարեւորութիւնը, ԵԽ Գլխաւոր քարտուղարն ալ վերահաստատած է ԵԽ խորհրդատուական աջակցութեամբ, փորձով ու գիտելիքներով գործընթացին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը:

Անդրադարձ եղած է նաեւ կանանց ներգրաւուածութիւնը հանրային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ խթանելու հարցին: Քննարկուած է ՀՀ-ԵԽ Գործողութիւններու ծրագրի 2019-2022 թուականներուն իրականացումը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական իրավիճակին, տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն շուրջ: Ընդգծուած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու ճանապարհին:

Վարչապետը ներկայացուցած է ՀՀ դիրքորոշումները հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման, սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան, խաղաղութեան օրակարգի շուրջ եւ կարեւորած է միջազգային գործընկերներու հասցէական արձագանգը տարածաշրջանային կայունութիւնը խաթարող սադրիչ յայտարարութիւններուն ու գործողութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment