Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ Հանդիպման Ընթացքին Քննարկուած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

Փաշինեան-Միշէլ-Ալիեւ Հանդիպման Ընթացքին Քննարկուած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Կարգաւորման Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:

Քննարկման հետեւանքով պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներու հետագայ ընթացքի, սահմաններու սահմանագծման ու անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին վերաբերեալ:

Քննարկման առարկայ դարձած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային գործընթացի նախապատրաստութիւններուն, մարդասիրական խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել եռակողմ հանդիպումները` նախատեսելով նմանատիպ հանդիպում կայացնել Յուլիսին կամ Օգոստոսին:

Յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանի անվտանգութեան հարցերով համատեղ յանձնաժողովի առաջին նիստը, Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեց Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլը` Նիկոլ Փաշինեանի ու Իլհամ Ալիեւի հետ բանակցութիւններէն յետոյ:

«Քննարկումը բաց էր եւ արդիւնաւէտ, մենք դիտարկեցինք հարցերու ամբողջ շրջանակ մը: Մանրամասն քննարկեցինք մարդասիրական խնդիրները, այդ շարքին՝ ականազերծման, ձերբակալուածները ազատ արձակելու ջանքերը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագրերը: Հետեւեալ արդիւնքներուն հասած ենք. սահմաններու հարցով համատեղ յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ միջպետական սահմանին յառաջիկայ օրերուն, այն պիտի քննարկէ սահմանագծման եւ սահմանային անվտանգութիւնը լաւագոյնս ապահովելու հետ կապուած բոլոր հարցերը», ըսաւ Միշէլ:

ԵԱՀԿ, իր կարգին, ողջունած է Պրիւքսէլի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ-Միշէլ հանդիպումը:

«Ուղիղ երկխօսութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստման նախապայման է», Թուիթըրով գրած է ԵԱՀԿ-ը ներկայիս առաջնորդող Լեհաստանի նախագահութիւնը, յաւելելով. «Մենք կը շարունակենք մնալ պատրաստակամ` աջակցելու ջանքերուն` երաշխաւորելու Հարաւային Կովկասի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment